image

Սուրբ Կուսին վերափոխման տօնը՝ Զմմառու Վանքին մէջ

 Սուրբ Կուսին վերափոխման տօնը՝ Զմմառու Վանքին մէջ

 «Արեւելք» (Լիբանան) Կիրակի օր հանդիսաւոր կերպով նշուած է Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման հանդիսաւոր տօնը հայ կաթողիկէ Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ, որ կը համարուի լիբանանահայութեան առաջին օրրրան ու կրօնական խաչմերուկը։Սուրբ պատարագը մատուցած է Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս- Պատրիարք  Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Մինասեանը։

 

 Ասոր մասին յաւելեալ իմացանք «Զմմառու վանքի դիմատետրեան էջ»էն։

 

 

Ստորեւ լրատւութիւնը։

Նախագահութեամբ` Ն.Ա.Գ.Տ.Տ.Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  Կիրակի, 18 Օգոստոսի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու Վանքի "Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան"ի անուան ամփիթատրոնին մէջ` Տիրամօր Վերափոխման տօնին եւ Զմմառու Վանքի հիմնադրութեան 275-ամեակին նուիրուած` ՀայրապետականՍուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցանեց Ամեն.եւ Գերերջ. հոգեւոր Տէրը։ Առընթերակայութեամբ` Գեր.Սահակ Բրդ.Քէշիշեանի եւ Գեր. Վարդան Վրդ. Ճալլուֆեանի։

Ներկայութեամբ` Լիբանանի Կաթողիկէ Հայոց կղերաց դասին, այլազան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ Լիբանանի համարեա բոլոր շրջաններէն ժամանած հաւատացեալներուն։

Հայրապետական թափօրը Զմմառու վանքէն յառաջացաւ դէպի Ամփիթատրոն`շեփորախումբի նուագակցութեամբ ընդառաջ եկող թափօրը բաղկացած էր` Զմմառու Վանքի վարչական հայրերէն` ի դէմս Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Գէորգ Թ.Ծ. Վրդ Նորատունկեանի եւ Կաթողիկէ կղերաց դասէն։

Թափօրը` "Արծիւեան երգչախումբ"ի երգեցողութեամբ դիմաւորուեցաւ, ուր ընթացք առաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագը։

Ամեն.եւ Գերերջ. հոգեւոր Տէրը Իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Զմմառու ուխտի օրուան կարեւորութեանը` ի մասնաւորի 2024-տարուայ ուխտի նշանակութեանը, որով Վանքը կը տօնակատարէ իր հիմնադրութեան 275-ամեայ յոբելեանը։

Հայրապետը ընդգծեց` Լիբանանի իրականութեան մէջ Վանքին ունեցած ներդրմանը, ըսելով`275-տարին սոսկ շրթներու վրայ արտասանուած թիւ մը չէ, այլ ողջ Միաբանութեան մը պատմութիւնը, արձանագրած ձեռքբերումները, գաղութի մը գոյութեան փաստն ու այլ իրողութիւնները, որ ունեցած է Վանքը։

Հոգեւոր Տէրը բերկրանքով յայտարարեց, թէ համայնքս պիտի համալրուի երեք Սուրբերով, որ Սրբազան Քահանայապետը ստորագրած է` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին, Տէր Կոմիտասին ու Զոհրապեանին, իսկ Կարդինալ Աղաճանեանի աճիւններու դիմաւորման գործընթացը աւարտին հասնելու է։

Ամեն. եւ Գերերջ. հոգեւոր Տէրը Իր քարոզը եզրափակեց շնորհաւորելով Վանքի 275-ամեակն ու Տիրամօր Վերափոխման տօնը։

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։

Ըստ Սուրբ Գրոց` սոյն արարողութիւնը հիմնուած է աստուածաշնչական աւանդութեան հիման վրայ։ Աստուած` Մովսէսի միջոցով, պատուիրած է, որ եբրայեցիները իրենց պտուղներու երախայրիքը նուիրեն գոհութեամբ, որպէսզի անոնք Տիրոջ օրհնութիւնը ստանան։ Նկատի ունենալով, որ Աստուածամօր Վերափոխման տօնը կը զուգադիպի հայկական Ամանորին, ապա հայ եկեղեցւոյ հայրերը յարմարեցուցած են, որ առաջին երախայրիքը ընծայուի Սուրբ Խորանին Աստուածամօր տօնին առթիւ։ 

Ուստի արարողութեան ընթացքին «Փառք Սուրբ Խաչի» շարականը երգեցին եւ աստուածաշնչական դրուագներ կարդացին։

Աղօթքէն ետք, խաղողները երեք անգամ օրհնեցին` ապա բաժնեցին հաւատացեալներուն։

Խաղողօրհնէքը երկրի պտղաբերութեան խորհրդանշական տօնակատարութիւնն է։ Որթատունկը աշխարհի հնագոյն մշակուած բոյսերէն մէկն է։ 

Նոյ նահապետը` Նախիջեւանի մէջ որթատունկ մը տնկեց տապանէն դուրս գալէն անմիջապէս ետք։ Անշուշտ՝ Ս. Պատարագի գինին եւս խաղողէն կը պատրաստուի։

Շատեր, հետեւեալով տոհմիկ աւանդութեան, մինչեւ Վերափոխման տօնը` խաղողի պահք կը պահեն։ Վերափոխման օրուայ օրհնուած խաղողը ստանալով` իրենց բնակարանի պտղամանին վրայ կ'աւելցնեն, որ օրհնուին այդ պտուղները եւ այդպէս` ամբողջ տարին օրհնեալ պտուղէն ճաշակեն։

Հոգեպարար արարողութենէն ետք` Հոգեւոր Տէրն ու վանքի վարչական հայրերը` Մեծաւոր Հօր գլխաւորութեամբ` ընդունեցան հաւատացեալներուն շնորհաւորանքները, որուն յաջորդեց մտերմիկ հացկերոյթ եւ կարկանդակի հատում` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սեղանատան մէջ։