ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հրամանագիր ստորագրած է, որու համաձայն Պորիս Սահակեան նշանակուած է Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի եւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 13-րդ յօդուածի 3-րդ մասի եւ 14-րդ յօդուածի.
Բորիս Սահակեանին նշանակել Սուրբ Աթոռում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Վատիկան)»,- ըսուած է հրամանագրին մէջ։
Օրեր առաջ Պորիս Սահակեան ազատուած էր արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն: