image

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Արեւմտեան Թեմէն ներս. Եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագ եւ Աւագութեան Տիտղոսի շնորհում

 Սուրբ Աստուածածնայ  Վերափոխման Տօնը    Արեւմտեան Թեմէն ներս. Եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագ  եւ Աւագութեան Տիտղոսի շնորհում

 

 

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի  դիմատետրի էջէն կը  կարդանք, թէ   Սուրբ Աստուածածնայ  վերափոխման  տօնը  նշուած է  Արեւմտեան Թեմէն ներս։Տեղի ունեցած է  Եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագ  եւ Աւագութեան Տիտղոսի շնորհում։

Մանրամասնութիւններուն մէջ կը նշուի, թէ Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ի առաւօտուն, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Աստուածամօր՝ երկրէն երկինք փոխադրուելու Վերափոխման տօնը, եւ այս առիթով օրհնուեցաւ կեանքի խորհրդանիշ խաղողը, նորոգ հաւատքով լեցնելով հաւատացեալներուն հոգիները: 

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, այս առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Տիրամօր անունը կրող Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նոր միւռոնով ջրօրհնէք եւ աւանդական խաղողօրհնէք կատարեց, ինչպէս նաեւ, յընթացս Ս. Պատարագի, արտասանեց հոգեպարար քարոզ եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին տուաւ յաւելեալ փայլք՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակով աւագութեան տիտղոս շնորհելով նոյն եկեղեցւոյ մէջ աւելի քան քսան տարուան ծառայական կեանք ունեցող եւ վերջերս հանգստեան կոչուած Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի: 

Ս. Խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր դասը, սարկաւագներ ու դպիրներ, արարողութեան ներկայ եղան բազմահազար հաւատացեալներ, որոնց շարքին էին Ազգային վարչութեան եւ Հոգաբարձութեան անդամներ, Ազգային երեսփոխաններ, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ներկաները ջերմեռանդութեամբ հետեւեցան Սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէքի եւ խողողօրհնէքի արարողութեան, ապա ականջալուր եղան Առաջնորդ Սրբազանի ուղղած պատգամին, որուն ընդմէջէն ան վեր առաւ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ նշանաբաններու վրայ կառուցուած քրիստոնէական վարդապետութեան առաքինութիւնները՝ շեշտելով Հոգեւորին մատչելիութեան ճամբուն վրայ իբրեւ միջնորդ կանգնած Յիսուս Քրիստոսի մօր՝ Աստուածամօր դերակատարութիւնը: Ակնարկելով Ս. Գրոց Կանայի հարսանիքի օրինակին՝ Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Որդիական ջերմութեամբ, մեր Երկնաւոր Մօր՝ Մարիամին կ՛ըսեմ. ո՜վ Մարիամ, մեր ազգի կեանքին գինին վերջացաւ, բարեխօսէ քու Որդիիդ՝ Յիսուս Քրիստոսի մօտ, որ գինին շատցնէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ի վեր, Հայաստան եւ ամէնուր մեր ժողովուրդը յուսախաբութեան մէջ է այսօր, եւ մեր ներկայ մութ ու անլոյս ընթացքէն միայն Աստուած մեզ կրնայ դուրս բերել, պայմանով որ մենք բանանք մեր աչքերը, սրտերը, ականջներն ու բերանները եւ Տիրամօր միջնորդութեամբ ներքին կապ մը հաստատենք Վերինին հետ, որպէսզի Անկէ ուժ ստացած կարենանք մեր ներկան վերադասաւորել, մեր ազգային կեանքը վերակազմակերպել՝ իբրեւ մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, Հայաստան-Արցախ եւ համայն աշխարհի հայութիւն»:

Ս. Պատարագի աւարտին բազմահարիւր հաւատացեալներ ստացան Ս. Հաղորդութիւն եւ իրենց հետ տուն տարին օրհնուած ջուր ու խաղողի ողկոյզներ, որպէսզի, Սրբազան Հօր մաղթանքին պէս՝ բոլոր ընտանիքներն ու համայնքը ամբողջ վերանորոգուին տօնին խորհուրդով, հիւանդները բժշկուին, տկարները զօրանան, այլեւ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ երկնային հուրը ջերմացնէ իւրաքանչիւր հայ մարդու, ընտանիքի, համայնքի, ազգի ու հայրենիքի կեանքը: