image

«Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոցին մէջ 8-ամսեայ աղջնակ մը մահացած է

«Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոցին մէջ 8-ամսեայ  աղջնակ մը մահացած է

«Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնին մէջ երէկ՝ 18 Օգոստոսին, 8 ամսական աղջիկ մահացած է։ NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ բժշկական կեդրոնէն յայտնեցին, որ նորածինը 15 օր առաջ հիւանդանոց տեղափոխուած էր «ծանր գլխուղեղային վնասուածք, կոմատոզ վիճակ» ախտորոշմամբ։

Ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութենէն նշած են, որ երեխայի մահուան մասին ահազանգը ստացուած է ժամը 22։50-ի սահմաններուն։

Այս պահուն փաստի առթիւ ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժնի հետաքննական բաժանմունքէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին։  Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն։