image

Սոչիի եռակողմ հանդիպումէն յայտարարութիւն

Սոչիի եռակողմ հանդիպումէն յայտարարութիւն

31 Հոկտեմբերին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որմէ ետք հրապարակուած է յայտարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:

«Մենք՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ․ Ալիեւը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն․ Վ․ Փաշինեանը եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վ․ Վ․ Փութինը, 2022 թուականի հոկտեմբերի 31-ին հանդիպեցանք Սոչիի մէջ եւ քննարկեցինք 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը:

Հաստատեցինք հաւատարմութիւնը յիշատակուած պայմանաւորուածութիւններուն խստօրէն հետեւելու՝ ի շահ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան, ապահովութեան եւ կայուն տնտեսական աճի երաշխաւորման: Համաձայնեցանք լրացուցիչ ջանքեր գործադրել՝ հարցերու շտապ լուծման, ներառեալ՝ մարդասիրական հարցերու ուղղութեամբ:

Ընդգծելով ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան առանցքային ներդրումը իր տեղակայման գօտիին մէջ ապահովութեան հաստատման առումով՝ ընդգծեցինք տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ խաղաղապահ ջանքերուն պահանջուած ըլլալը:

Պայմանաւորուեցանք զերծ մնալ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն, բոլոր խնդրայարոյց հարցերը քննարկել եւ լուծել բացառապէս իրարու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անխախտելիութիւնը փոխադարձաբար յարգելու հիման վրայ՝ ՄԱԿի կանոնադրութեան եւ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն:

Ընդգծեցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը աշխոյժ կերպով նախապատրաստելու կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու նպատակով: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ գոյութիւն ունեցող փորձառութեան հիման վրայ շարունակել փոխադարձ ընդունելի տարբերակներու փնտռտուքը: Ռուսիա որեւէ ձեւով պիտի աջակցի ասոր:

Ընդգծեցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դրական մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը՝ Ռուսիոյ աջակցութեամբ երկու երկիրներու հասարակութիւններու, փորձագիտական հանրութեան եւ կրօնական առաջնորդներուն միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ եռակողմ միջխորհրդարանական շփումներու մեկնարկը տալու համար՝ երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման նպատակով:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ողջունեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման այսուհետեւ եւս աջակցելու, Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը ապահովելու Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: