Արցախի եւ յատկապէս Ստեփանակերտի մէջ օդային տագնապ յայտարարուելէ ետք փակուած են նաեւ տեղի բոլոր դպրոցները։
Լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Արցախի մէջ տարբեր կէտեր թշնամիի ուղիղ կրակին տակ յայտնուած են։
Կը պակսին տեղեկութիւններ, անզէն բնակչութեան բնակավայրերու թիրախ դառնալուն վերաբերեալ։
Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած, իսկ Ատրպէյճան կը յայտարարէ Արցախի ուղղութեամբ ռազմական գործողութեան մը մասին։