image

Ստեփանակերտի մէջ. Անյայտ անձը կրակած է ռուս-ատրպէյճանեան պարեկային կէտի ուղղութեամբ

Ստեփանակերտի մէջ. Անյայտ անձը կրակած է ռուս-ատրպէյճանեան  պարեկային կէտի ուղղութեամբ

Արցախի մայրաքաղաքին մէջ անյայտ անձ մը արձակազէն հրացանով կրակ բացաւ հսկողութիւն կատարող ռուս-ատրպէյճանական միացեալ խումբին վրայ: Այս մասին կը հաղորդուի Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան մասին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ամէնօրեայ տեղեկագիրին մէջ:

«Տուժածներ չկան: Ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական կողմի եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ քննութիւն կը կատարէ՝ տուեալ փաստով», կը նշուի տեղեկագիրին մէջ:

Մոսկուա կը վստահեցնէ նաեւ, թէ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին: «Անընդհատ կապ կը պահպանուի Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ՝ արիւնահեղութիւն թոյլ չտալու, ապահովութեան երաշխաւորման եւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներու պահպանման ուղղութեամբ», կ՛ըսուի տեղեկագիրին մէջ: