image

«Սփութնիք Արմինիա». Զօր. Մուրատով Պաքուէն Երեւան հայ զինուորի մէկ դիակ բերաւ

«Սփութնիք Արմինիա». Զօր. Մուրատով Պաքուէն Երեւան հայ զինուորի  մէկ  դիակ բերաւ

Նոյեմբեր 17-ի երեկոյեան, Պաքուէն  Երեւան  Ժամանեց Ռուսաստանի  Հարաւային ռազմական շրջանի զօրքերու հրամանատարի տեղակալ, զօրավար՝ Ռուստամ Մուրատով: Ատրպէյճանական իշխանամէտ Caliber պարբերականի տուեալներով՝ ան իր հետ կը բերէր սահմանին տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով զոհուած հայ զինուորականներուն դիակները։

 

Ըստ Sputnik Արմենիային՝ օդանաւին մէջ գերիներ չկան։

 

Աղբիւրը յայտնած է, որ Մուրատովը բանակցութիւններ կը վարէ կողմերուն միջեւ զինուած միջադէպերու կանխումի մեքենականութեան մշակման շուրջ: Խօսքը հայ-ատրպէյճանական սահմանի մասին է, որ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն դուրս է։

 Աւելի ուշ   պարզ դարձաւ,  որ  Զօր.  Մուրատով Երեւան փոխադրած է   Ատրպէյճանեան  կողմին մօտ գտնուող մէկ հայ զինուորի  դին։