Բնիկ Արցախցի Սօսէ Բալասանյանը յար եւ նման հազարաւոր արցախցիներու հեռացաւ իր ծննդավայրէն։
Այս մասին պարզ դարձաւ, երբ Բալասանյան գրառում մը կատարեց ու յայտնեց, որ ինք եւս կը հեռանայ Արցախէն։
Բալասանեան մասնաւորապէս գրեց՝
Չներեք ինձ վեր Ձեզ թողեցի ֆիզիկապես...սըրտս ու հոգիս թողալում Արցախումս 💔🦅🦁❤️🇦🇲🙏
Նշենք, որ Սօսէն առաւել յայտնի դարձած էր անցնող օրերուն, երբ լսելի դարձաւ որ ան հակառակ բոլոր տեսակի բարդութիւններուն որոշած է չհեռանալ իր ծննդավայրէն։
Հայուհին, որ Արցախեան առաջին պատերազմին նահատակուած հերոսի դուստր է աչքի ինկած էր ռազմուհիի տեսակով եւ այդ մասին կը վկայեն իր դիմատետրի էջին երեւցած տեսանիւթերը։