image

Սնունդի գիները եռապատկուած են․ ինչ վիճակ է Հալէպի մէջ

Սնունդի գիները եռապատկուած են․ ինչ վիճակ է Հալէպի մէջ

Հալէպի մէջ մարդիկ տնտեսական ծանր վիճակի մէջ են։ «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանը։

Անոր խօսքով՝ թէպէտ սննդամթերքի պակաս չկայ, սակայն ամէն ինչ թանկացած է։

«Սննդամթերքի խանութները բաց են, պակաս չկայ, Հալէպ ապրանքներ կը բերուին, առաջին օրերուն հացի պակաս կար, հիմա այդ ալ չկայ, բայց գիները կրկնապատկուած, եռապատկուած են, ատոր համար տնտեսական տագնապ կայ»,- նշած է Պողիկեանը։

Անոր խօսքով՝ քաղաքին մէջ հանգիստ է, բայց մարդիկ իրենց բնականոն աշխատանքին չեն վերադարձած, այսինքն՝ գումար չեն վաստակիր, որ կարողանան գնումներ կատարել։

Դեկտեմբեր 4-ին յայտնած էինք, որ Հալէպի մէջ՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքին մէջ, մեկնարկած է հալէպահայերուն նիւթական օգնութեան տրամադրման գործընթացը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինի հովանաւորութեամբ։

Պողիկեանը նշած է, որ առաջնորդարանն արդէն 3 օր է՝ օգնութիւն կը տրամադրէ հայ համայնքի բոլոր անդամներուն։ Խօսքը ֆինանսական աջակցութեան մասին է, որ համայնքի անդամները կարողանան իրենց կարիքները հոգալ։