image

Թրամփ uպառնացած է Մաքրոնին մաքսատուրքերով, եթէ ան չբարձրացնէ դեղերու գիները Ֆրանսայի մէջ

Թրամփ uպառնացած է Մաքրոնին մաքսատուրքերով, եթէ ան չբարձրացնէ դեղերու գիները Ֆրանսայի մէջ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը սպառնացած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին մաքսատուրքերով, եթէ ան չբարձրացնէ դեղերու գիները Ֆրանսայի մէջ:

«Ես ըսի. «Էմանուէլ, դուն պէտք է բարձրացնես դեղերու գիները»։ Ան ըսած է. «Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ»։ Ես պատասխանեցի. «Եթէ դուն չընես, ես 25% մաքսատուրք պիտի սահմանեմ Ֆրանսայէն Միացեալ Նահանգներ արտահանուող ամէն ինչի վրայ»»,- պատմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը լրագրողներուն: