image

Սիոնիզմին բացարձակ արժէք տալը հեռու է իսլամութեան ըմբռնումներէն. Իրանցի պաշտօնատարը՝ Էրտողանին

Սիոնիզմին բացարձակ արժէք տալը հեռու է իսլամութեան ըմբռնումներէն. Իրանցի պաշտօնատարը՝ Էրտողանին

Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանին Թուիթըրի մէջ գրած է. «Հասարակութեան շուքերէն յառաջացած վախը այն կառավարություններու ճակատագիրն է, որոնք անոր հետ կը շփուին խստութեամբ եւ ճնշումներ բանեցնելով, եւ ոչ թէ Իրանի, որ բոլոր բաղադրիչները համախմբող մարգագետին է»։

Ան յաւելեց՝ զարմանալով. «Իսլամական աշխարհը ղեկավարելու յաւակնող ղեկավարի մը կողմէ սիոնիստական կազմաւորման ենթադրեալ հեղինակութեան ուռճացումը կ'արտացոլացնէ անոր ո՞ւժը, թէ՞ իսլամականութիւնը», նկատի ունենալով, որ սիոնիստական կազմաւորման դատարկ փուշը ուռճացնելը իսլամութեան կամ իշխանութեան նշան չէ»։ 

Սա պատասխան է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, որ Իրանը պատերազմի մէջ պիտի չմտնէ Ատրպէյճանի հետ՝ վերջինիս Իսրայէլի հետ ամուր յարաբերութիւններուն պատճառով, ինչպէս նաեւ «երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ատրպէյճանական բաղադրիչի առկայութեան պատճառով»։

Էրտողան յաւելած է, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւոր առճակատումը «դիւրին գործ չէ», եւ հաստատած է իր երկրին աջակցութիւնը Ատրպէյճանին վերջին ժամանակաշրջանին, եւ նշած որ պիտի մեկնի այնտեղ՝ հանդիպելու նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, մասնակցելու համար օդակայանի եւ սահմանային անցակէտի բացման արարողութեան։ 

Թեհրանի ու Պաքուի միջեւ յարաբերութիւնները սրած են, երբ Իրանը զօրավարժութիւններ կատարեց երկրի հիւսիսարեւմտեան՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին, որ համընկած էր ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի յիշատակման օրուան հետ, ինչ որ արժանացաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի քննադատութեան։

Թեհրան յայտնած էր Ատրպէյճանի եւ Իրանի հետ սահմանին իսրայէլեան տարրերու առկայութեան մասին, ինչ որ Պաքուն ամբողջութեամբ հերքած էր եւ Թեհրանէն պահանջած էր ներկայացնել անոր ապացոյցները։

Աւելի վաղ Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն խորհուրդ տուած էր եղբայրական կերպով շարունակել դիւանագիտական ատենախօսութիւնը Իրանի հետ, եւ ըսած, որ Ատրպէյճանը պէտք է զգուշանայ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ երրորդ կողմի ծուղակը իյնալէ:

Ան վստահեցուցած է, որ իր երկիրը «երբեք չի հանդուրժեր սիոնիստական կազմաւորման ներկայութիւնը իր սահմաններուն մօտ»։