Սիտնէյի մէջ. Մահացած է ՀՅԴ նուիրեալ գործիչներէն՝ Վարդգէս Իւանեան
Աւստրալիոյ Սիտնէյ քաղաքին մէջ օրերս իր մահկանացուն կնքած է գաղութի ազգային գործիչներէն Վարդգէս Իւանեան։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Աւստրալիոյ մէջ գործող ՀՅԴ առցանց բանբեր ՝ «Արմինիա-միտիա» հարթակէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած մահագրութիւնը ու նաեւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ տարածուած գոյժը։ Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը հարազատն է Աւստրալահայ նուիրեալ բարերար Տիար Ստեփան Գրգեաշարեանին եւ այս առթիւ կը ներկայացնենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները։
Կիրակի 22 Հոկտեմբեր 2023-ին առաւօտեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր Վարդգէս Իւանեանը:
Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:
Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 30 Հոկտեմբեր 2023-ին Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերզեմանտան մէջ:Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`
ԳՈՅԺ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Սիտնիի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ Ընկեր Վարդգէս Իւանեանի մահը:
Ընկեր Վարգէս Իւանեանի կեանքը՝ Դաշնակցութեան եւ Աւստրալահայ գաղութին համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Վարդգէսին ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն: