image

Շուտափոյթ հրադադար հաստատել Արցախի մէջ. Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին

Շուտափոյթ հրադադար հաստատել Արցախի մէջ. Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կոչ կ'ընէ հնարաւորինս շուտ դադրեցնելու կրակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Բայց, ամէն պարագայի, մենք կը յորդորենք, եւ ես կ'ուզեմ այդ նորէն ըսել, մենք կոչ կ'ընենք կրակը դադարեցնելու, եւ այն պէտք է ըլլայ հնարաւորինս շուտ», - ըսած է ան «Ռոսիա 24» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ: