image

Շուշին՝ «Թուրքսոյ»ի մշակոյթի մայրաքաղաք

Շուշին՝ «Թուրքսոյ»ի մշակոյթի մայրաքաղաք

Արցախի՝ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Շուշի քաղաքը պիտի դառնայ ԹՈՒՐՔՍՈՅ-ի (Թրքական մշակոյթի միջազգային կազմակերպութիւն) մշակութային մայրաքաղաքը:

Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովը։

«Իրականութեան մէջ, այս լուրը պիտի յայտարարուի ԹՈՒՐՔՍՈՅ-ի հանդիպման ժամանակ։ Բայց նորութիւններուն ընդառաջ կ'ուզեմ ըսել, որ 2023 թուականին Շուշան պիտի հռչակուի մշակութային մայրաքաղաք։ Տեղի պիտի ունենան միջոցառումներ», ընդգծած է Քերիմովը: