Կազայի հատուածին մէջ առկայ ներկայիս ճգնաժամը կրնայ յանգեցնել տարածաշրջանի մէջ աւելի մեծ պատերազմի, եթէ այն չլուծուի։
Այս մասին ուրբաթ՝ հոկտեմբեր 20-ին, TRT Haber հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։
«Մեր առջեւ երկու տարբերակ կայ՝ կա՛մ ճգնաժամը կը լուծուի եւ կը յանգեցնէ երկարաժամկէտ խաղաղութեան, կա՛մ մեզի կը սպասէ սարսափելի այլընտրանք՝ երկար եւ լայնածաւալ պատերազմ տարածաշրջանի մէջ եւ անկայունութիւն»,-ըսած է Ֆիտանը։