Ուզպեքստանի ներկայիս նախագահ Շավքաթ Միրզիյոեւը, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալներով, յաղթած է նախագահական ընտրութիւններուն: Այս մասին ճեպազրոյցին յայտարարած է հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Զայնիտտին Նիզամխոճաեւը։ Ան նշած է, որ երկրի գործող ղեկավարը, օրէնքի համաձայն, ընտրութիւններու արդիւնքներով վերընտրուած է նոր ժամկէտով, գրած է ԹԱՍՍ-ը։
«Օրէնքի համաձայն՝ ընտրուած պետութեան ղեկավար կը համարուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ ձայներու 50%-ը գումարած 1 ձայն։ Քանի որ Շավքաթ Միրզիյոեւը, նախնական տուեալներով, հաւաքած է ձայներու 87,05%-ը, ան օրինական կերպով կ'ընտրուի նախագահ», -ըսած է Նիզամխոճաեւը:
Շավքաթ Միրզիյոեւ 8 մայիսին արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու մասին հրամանագիր ստորագրած էր: Սա առաջին ընտրութիւններն էին այն բանէն ետք, երբ սահմանադրական փոփոխութիւնները երկարաձգեցին նախագահի լիազօրութիւնները 5-էն եօթ տարի: