Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը նախադպրոցական, հանրակրթական, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու, գիտական, մարզական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու, պետութեան եւ համայնքին կողմէ հիմնադրուած այլ իրաւաբանական անձերու շէնքերուն վրայ մշտապէս բարձրացնելու պահանջը օրէնսդրօրէն կ'ամրագրուի:
Գործադիրը վերջերս հաւանութեան արժանացուց «Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացում եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» եւ «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ ՀՀ օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթին վերաբերեալ կառավարութեան առաջարկութիւնները:
«Իւրաքանչիւր պետութեան համար պետականութեան հաստատման գործում չափազանց մեծ նշանակութիւն ունեն պետական խորհրդանիշերը, որոնք ունեն հսկայական բարոյահոգեբանական նշանակութիւն: Ըստ էութեան, նաեւ պետական խորհրդանիշերի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքով է պայմանաւորւում մեր վերաբերմունքը պետականութեան հանդէպ: Քայլերը, որոնք ձեռնարկում է կառավարութիւնը, ուղղուած են հանրային գիտակցութեան մէջ ընդգծելու այդ արժէքների կարեւորութիւնը: Առաջարկւում է դրօշը նախադպրոցական, հանրակրթական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնների, գիտական, մարզական ու մշակութային կազմակերպութիւնների պետութեան համայնքի կողմից հիմնադրուած այլ իրաւաբանական անձանց շէնքերի վրայ մշտապէս բարձրացնելու պահանջն ամրագրել», նշեց ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը: