Լիբանան- («Ալ Նահար») Աշխարահռչակ Շանսոնիյէ Շարլ Ազնաւոր, որ այսօր երեկոյեան համերգ պիտի տայ ծովեզերեայ Պաթրուն քաղաքին մէջ մէջ կարճ հարցազրոյց մը տուած է արաբատառ «Ալ Նահար» օրաթերթին: Ազնաւուր, յայտնած է, որ Լիբանանը իր համար միշտ իւրայատուկ տեղ ունի եւ այդ երկրի հիմնական արժանիքը անոր համայնքային եւ կրօնական բազմազանութիւնն է: Ազնաւուր պատասխանաելով լրագրողի հարցումին, թէ ինչ կը մտածէ Թուրքիոյ մասին նկատել տուած է, թէ ինք ոչ մէկ օր Թուրք ժողովուրդը թշնամի համարած է:«Մենք թուրք ժողովուրդին հետ հարց չունինք, մեր հարցը Թուրքիոյ իշխանութեան հետ է, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ժխտել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը»: Աշխարահահռչակ երգիչին համար Թուրքիա անպայաման պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ այդ օրը ուշ չէ: Ազնաւուր նաեւ խօսած է Հայաստանի մասին նկատել տալով, որ Հայաստանը իր հոգիին մէջ մեծ տեղ ունի: Ազնաւուր աւարտին նկատել տուած է, որ իր համար այսօր մեծագոյն տագնապը Հայաստանէն արտագաղթելու խնդիրն է եւ յոյս յայտնած, որ երկիրը կը յաջողի այդ տագնապին առաջքը առնել դառնալով տնտեսական աճ ունեցող բարւոք եւ բարգաւաճ երկիր մը: