image

Հունգարիան եւ Սերպիան իրենց խնդիրը կը համարեն ապահովել «Թրքական հոսքի» անվտանգութիւնը. Օրպան

Հունգարիան եւ Սերպիան իրենց խնդիրը կը համարեն ապահովել «Թրքական հոսքի» անվտանգութիւնը. Օրպան

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը եւ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիյարթոն ժամանած են Պելկրատ՝ ուժանիւթի անվտանգութեան հարցերու շուրջ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի հետ բանակցութիւններու:

Նշուած է, որ քննարկումներու կեդրոնը եղած են ենթակառուցուածքային նախագիծերու իրականացումն ու ուժանիւթի անվտանգութիւնը՝ «հաշուի առնելով երկու երկիրներու ռազմավարական նշանակութիւնը՝ որպէս տարածաշրջանի առանցքային ուժանիւթային միջանցքներ»:

Օրպանը նշած է, որ Հունգարիան եւ Սերպիան իրենց խնդիրը կը համարեն ապահովել «Թրքական հոսք» կազատարի անվտանգութիւնը, որով կազը Ռուսիայէն կը հասնէ Եւրոպա: Հունգարիոյ կառավարութեան ղեկավարը յիշեցուցած է, որ Ուքրանիան յունուար 1-էն դադրեցուցած է ռուսական կազի տարանցումը Կեդրոնական ու Արեւելեան Եւրոպայի երկրներ, եւ «Թրքական հոսքը» մնացած է միակ կազատարը, որ այդ տարածաշրջանին ուղղակիօրէն վառելիք կը մատակարարէ Ռուսիայէն: