image

Շաքիրա Սուրիացի Գաղթականներուն Համար Մամլոյ Ասուլիս Տուաւ

Շաքիրա     Սուրիացի  Գաղթականներուն   Համար  Մամլոյ Ասուլիս Տուաւ

 Միացեալ Նահանգներ- (Rudaw.net)  Համաշխարհային ճանաչում  ունեցող  աստղ ՝ Շաքիրա  Սուրիոյ գաղթականներու  մասին մամլոյ ասուլիս մը տուած է: Երգչուհին  ՄԱԿ-ի   Նիւ Եորքի գլխաւոր կեդրոնին մէջ    ասուլիս  մը տալով նկատել տուած է, թէ  անկարելի է մոռնալ   Սուրիացիներուն եւ յատկապէս խեղդամահ եղած  գաղթական երեխաներուն ողբերգութիւնը: Ան նաեւ ըսած է, թէ   3-ամայ Ալէն Քըրտիի  ու անոր եղբօր ողբերգութիւնը պէտք է դաս ըլլայ ամբողջ  մարդկութեան համար:  Շաքիրա     ազդեցիկ տէրութեանց ուղղելով իր խօսքը նաեւ ըսած է, թէ  սուրիացի գաղթականներուն    հարցը պէտք է   մարդկայնացուի եւ     համայն մարդկութիւնը պէտք է հասնի   գաղթականներու  փրկութեան գործին: