image

Շաքէ Աճէմեանի յիշատակին

Շաքէ Աճէմեանի յիշատակին

Օրերս իր մահկանացուն կնքած է  Միացեալ Նահանգներու «Ասպարէզ» պարբերականի  աշխոյժ եւ նուիրեալ անդամներէն՝ Շաքէ Աճէմեանը, այդ առթիւ ալ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հանգուցեալի  յիշատակին գրուած մահագրականը՝

 

 

Յարգելի սգակիր ներկաներ,

Ցաւալի է կորուստը անձի մը, զոր գիտես երկար տարիներ, կեանք մը անցուցած ես անոր հետ, միասին կիսած ես լաւ եւ վատ օրեր, եղած է ընկերուհիդ, գործընկերդ, հասած է միշտ քեզի, դուն՝ իրեն, ու յանկարծ երազի պէս՝ կար ու չկայ։

Այսօր մենք վերջին հրաժեշտը կու տանք մեր ընկերուհիին, որ իր մահկանացուն կնքեց Շաբաթ, 26 Մարտ 2022ին։ Մօտաւորապէս չորս տասնամեակներ «Ասպարէզ»ի ընտանիքին մաս կազմած Շաքէ Աճէմեանն է ան, որ պայքարելէ ետք անողոք քացկեղին դէմ՝ անաղմուկ կը հեռանայ մէզմէ։

Շաքէ Աճէմեան ծնած է 1948ին, Պէյրութ: Իր նախակրթութիւնը ստացած է Նոր Սիս թաղամասի Աքսոր Գասարճեան Ազգային վարժարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք երկրորդական ուսումը շարունակած է քրիստոնէական ուսուցման հիմնարկին մէջ (C.T.I.): Ուսման աւարտին ան քարտուղարական պաշտօն վարած է օտար ընկերութիւններու մէջ: 1979ին, Շաքէն հաստատուած է Լոս Անճելըս եւ 7 տարի աշխատած UCLA համալսարանի քարտուղարութեան բաժանմունքին մէջ: 1986ին ան միացաւ «Ասպարէզ» օրաթերթին, ապա նաեւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի ծանուցումներու բաժինին:

Հետեւելով կանուխէն կորսնցուցած իր ողբացեալ մօր՝ Սիրարփի Աճէմեանին, որ հիմնադիրներէն էր Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արագած» մասնաճիւղին, Շաքէ Աճէմեան Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք, 1980ին անդամագրուած է ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին, առաւել քան քառասուն տարիներ մասնակցելով զանազան յանձնախումբերու աշխատանքներուն: Ան ծառայած է նաեւ ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ մաս կազմած է Համազգայինի «Անի» պարախումբին։

Շաքէին անմիջականութիւնը եւ նուիրուածութիւնը իր պատկանած միութիւններուն, «Ասպարէզ»ի ծրագիրներուն համար կ՛ապահովէր այդ միութիւններուն յաւելեալ բարի կամեցողութիւնը։

«Ասպարէզ» օրաթերթի ծանուցումներու բաժինի հաւատարիմ աշխատակից Շաքէ Աճէմեան չունէր չսիրած մարդ։ Իր շրջապատի ազգային կառոյցներու, ծանուցումներու համար այցելած հաստատութիւններու մէջ անոր ժպիտը եւ ազնիւ վերաբերմունքը անոր առջեւ կը բանային բոլոր դուռերը։ Ամէնէն անկարեւոր թուացուող հարցին անգամ ան կը վերաբերուէր մեծագոյն զգուշութեամբ՝ յանկարծ ոեւէ մէկը չվիրաւորուէր, կ՛ուզէր բաւարարել բոլորին պահանջները, հոգ չէ թէ ինք յոգնէր։ Զոհողութիւնը ընկերուհի Շաքէի նկարագիրին անբաժան մասն էր։

«Ասպարէզ»ի մեծ ընտանիքիքին մէջ յաճախ կ՛ըլլան հիւրասիրութիւններ, առիթներու նշումներ, որոնք կը կատարուին կէսօրներուն։ Շաքէն, ըստ սովորութեան՝ կը հանդիպէր ուշ։ Եւ եթէ չէր ժամանած Շաքէն, ընկերուհիները անմիջապէս կ՛առանձնացնէին անոր բաժինը. բոլորին սիրելին էր ան։ Սիրայօժար կը ստանձնէր ապսպրանքներու մատակարարումը ու այսպէս կը շարունակէր իր ծառայութիւնները ազգային քոյր հաստատութիւններու ընդմէջէն եւս։ Չէր մերժէր ոեւէ մէկուն։

Յոգնեցա՞ւ ծառայելէն կամ կեանքէն։ Ոչ մէկէն եւ ոչ այլ միւսէն։

Ճակատագիրն էր այս, եւ փախուստ չկար. երկինքին դուռերը բացուած էին անոր առջեւ, եւ մեկնեցաւ։ Ուրիշ Շաքէ մը՝ չենք կարծեր որ կ՛ունենանք։

Շաքէին եռանդը, բարի սիրտը եւ անկեղծ ժպիտը դրոշմուած պիտի մնան մեր մէջ։

Բարի ճանապարհ քեզի, մեր սիրելի ընկերուհի։ Գտիր քու արժանի տեղը երկնային արքայութեան մէջ։ Յիշատակդ անթառամ։ Խունկ ու աղօթք շիրիմիդ։