Վարչապետը յարգանքի տուրք մատուցած է 1999 թուականի հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին:
Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչները ծաղիկներ խոնարհած են ԱԺ բակին մէջ գտնուող Հոկտեմբեր 27-ի զոհերու յուշակոթողի մօտ:
26 տարի առաջ այս օրը՝ հոկտեմբեր 27-ը, դարձաւ հայոց նորագոյն պատմութեան ամենասեւ էջերէն մէկը: 1999 թուականի այս օրն Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանն ընդհատուեցաւ կրակոցներով: Երկրի բարձրագոյն օրէնսդիր մարմին ներխուժած խումբ մը յանցագործներ գնդակահարեցին բարձրաստիճան պետական այրեր:
Ահաբեկչութեան զոհ գացին վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանն ու Ռուբէն Միրոյեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Միքայէլ Քոթանեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ նախարար Լեոնարդ Պետրոսեանը: