image

Շահրամանեան Եռաբլուր այցելեց

Շահրամանեան Եռաբլուր այցելեց

Արցախեան շարժման 36-ամեակի կապակցութեամբ Արցախի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելած էին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին։

Արցախցի պաշտօնեաները շրջեցան պանթէոնին մէջ եւ ծաղիկներ խոնարհեցին արցախեան պատերազմներուն զոհուած զինծառայողներու գերեզմաններուն։

«Եռաբլուր» այցելածներու շարքին էին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը, Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցը, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանը ու շարք մը պատգամաւորներ։

Նշենք, որ Սամուէլ Շահրամանեանը ծաղիկներ խոնարհելէ ետք հրաժարած է պատասխանելէ լրագրողներու հարցերուն եւ հեռացած։