image

Սէուտական «Օքազ» թերթը կը շարունակէ կրակ ժայթքել Սաատ Հարիրիին դէմ

Սէուտական «Օքազ»  թերթը կը  շարունակէ կրակ ժայթքել Սաատ Հարիրիին դէմ

Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հիմնադրած Մուսթաքպալ հոսանքը կորսնցուց արաբական, ծոցի եւ սիւննի շրջանակներուն մօտ իր վարկանիշը, որովհետեւ յանձնառու չմնաց ընտրութիւններուն չմասնակցելու որոշումին, այլ Աքքարի մէջ քուէարկեց Ազգային ազատ հոսանքի օգտին, Սայտայի եւ Թրիփոլիի մէջ՝ Իրանի դաշնակիցներուն:

 

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումէն եւ անոնց վերջնական արդիւնքներու հրապարակումէն յետոյ սէուտական «Օքազ» թերթը սրեց իր յարձակողական արշաւը Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ` թիրախաւորելով նաեւ անոր փակ շրջապատին մօտ կանգնած որոշ քաղաքական գործիչներ:

Թերթը հրապարակած է գրող Մոհամմատ Ալ Սաէտի յօդուածը, ուր ան ներկայացուցած է իր վերլուծութիւնները Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ` ըսելով, որ «վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հիմնադրած Մուսթաքպալ հոսանքը կորսնցուց արաբական, ծոցի եւ սիւննի շրջանակներուն մօտ իր վարկանիշը, որովհետեւ յանձնառու չմնաց ընտրութիւններուն չմասնակցելու որոշումին, այլ Աքքարի մէջ քուէարկեց Ազգային ազատ հոսանքի օգտին, Սայտայի եւ Թրիփոլիի մէջ՝ Իրանի դաշնակիցներուն, ինչ որ կը մղէ Սաատ Հարիրիի փորձառութիւնը եւ լիբանանեան քաղաքականութիւնը վերընթերցել մէկ այլ տեսանկիւնէ»:

Ալ Սաէտ իր յօդուածին մէջ աւելցուցած է, որ «զօրավար Ուիսամ Հասանի եւ անկէ ետք Մոհամմատ Շաթհի երկու իրադարձութիւն են, որոնք Հարիրիին ստիպեցին մտնել շփոթութեան փուլ, ինչ որ ստիպեց իրեն ճիշդ որոշում կայացնել սխալ պահին կամ անընդհատ սխալ որոշում կայացնել»:

Ալ Սաէտ նշած է Հարիրիի եւ անոր որոշումներուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող՝ իր նեղ շրջանակին մօտ գտնուող 5 անձ, որոնք են Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէնը եւ իր հօրեղբօրորդին՝ Նատէր Հարիրին, նախարար Նուհատ Մաշնուքը, լրատուամիջոցներու հարցերով խորհրդական Հանի Համմուտը, նախարար Պասէմ Սապաը եւ վերջապէս նախարար Ղաթթաս Խուրին, «որ բացասաբար ազդեց Հարիրիի երթին վրայ»:

«Այն ժամանակաշրջանին, երբ այս հինգը կրցան ընդունիլ Հարիրիի որոշումը, վերջինս բախեցաւ մի քանի խնդիրներու, այդ շարքին` Սաատի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի բազէներուն միջեւ խորացող անջրպետին», շարունակած է յօդուածագիրը:

Ալ Սաէտը իր յօդուածին մէջ շեշտած է, որ «Լիբանանի մէջ Հարիրիրի իւրաքանչիւր ճգնաժամ կամ անյաջողութիւն Սէուտական Արաբիոյ վերագրելը կա՛մ այդ պատճառով է, որ այս հինգը պահեն իրենց դիրքերում, կա՛մ սիւննիներուն զայրոյթը Հարիրիէն դէպի Սէուտական Արաբիոյ ուղղութեամբ շեղելն է»:

«Իսկ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Մուսթաքպալ հոսանքի մօտեցումը այն էր, որ Հըզպալլայի հակառակորդներուն ձախողութիւնը սէուտական Արաբիոյ ձախողութիւնն է, մինչդեռ այդ մէկը ձախողութիւն է Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար ընդհանրապէս, եւ սիւննիներուն համար մասնաւորապէս», ըստ յօդուածագիրին:

Ան շարունակեց. «Յունուար 2022-ին Հարիրիի յայտարարութիւնը՝ լիբանանեան ընտրութիւններուն չմասնակցելու եւ աւանդական քաղաքական աշխատանքէն իր հեռանալուն որոշման մասին, Հարիրի իրաւունքն է ունի», սակայն անոր լրատուական եւ քաղաքական գրասենեակները յստակ հրահանգներ ստացած են Սէուտական Արաբիյ եւ Ծոցի երկիրներուն հակառակ որոշում օգտգործելու»: Ալ Սաէտ համարած է, որ այդ հրահանգները կրնան բացատրուիլ միայն երկու ձեւով, կա՛մ այն՝ որ անոնք եկած են անձամբ Սաատ Հարիրիէն, կա՛մ այն՝ որ իրեն մօտ կանգնած անձեր տուած են զանոնք, եւ Հարիրին դէմ չէ դրած անոնց, եւ այդ երկուքին արդիւնքը նոյնն է»:

Նշենք, որ սէուտական «Օքազ» թերթը աւելի վաղ յարձակած էր Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ` զայն որակելով որպէս «ձախողած եւ քաղաքական բանակցութիւններուն մէջ շատ թոյլ»: