image

Սեւանի մէջ. Պարեկային հրամատանատարը յարձակման ենթարկուած է

Սեւանի մէջ. Պարեկային հրամատանատարը յարձակման ենթարկուած է

25 օգոստոսին, Գեղարքունիքի մարզին մէջ ծեծի ենթարկուած է ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Պարեկային ծառայութեան Արագածոտնի մարզի գումարտակի հրամանատար Արտեոմ Սահակեան։ Յայտնած է SHAMSHYAN.com-ը:

Ըստ աղբիւրին՝ վերջինս արձակուրդի մէջ եղած է եւ Սեւանի լողափերէն մէկուն մէջ ընտանիքին հետ հանգստանալու ատեն նկատած է, որ խումբ մը անձեր անյարգալից վերաբերմունք կը ցուցաբերեն հասարակութեան նկատմամբ, բարձրաձայն հայհոյանքներ կը հնչեցնեն, եւ Ա. Սահակեան յորդորած է, որ անոնք դադրեցնեն նման անյարգալից պահուածք, ինչ որ անոնք չեն հաւնած, յարձակած են ու ծեծի ենթարկած զինք։

Հրամանատարը կոտրուածք ստացած է ու փոխադրուած «Սեւան» բժշկական կեդրոն, ուր առաջին բուժօգնութիւն ստանալէն յետոյ փոխադրուած է Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկը։ 

Դէպքի փաստով Սեւանի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։ Ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ՝ դէպքի հանգամանքները պարզելու, Ա. Սահակեանը ծեծի ենթարկած անձերու ինքնութիւնը ճշդելու ու զանոնք յայտնաբերելու ուղղութեամբ։