Պոլսահայ հայտնի լեզուաբան Սեւան Նշանյանն իր ֆէյսպուքեան էջով գրած է, որ հեռացած է Յունաստանէն։
Սեւան Նշանեան գրած է, որ արդէն Փարիզի մէջ է, որմէ յետոյ որոշ ժամանակով պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ։
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական հայեացքներու համար դատական հետապնդման ենթարկուած եւ դատապարտուած Սեւան Նշանեանը բանտէն փախած էր Յունաստան, ուր ամուսնացած էր։ Յունաստանի իշխանութիւնները արտաքսման որոշում կայացուցած են Նշանեանի նկատմամբ, չնայած որ ան ամուսնացած է Յունաստանի քաղաքացիի հետ։