Չեմ կարծեր վիճակն անելանելի է, Արցախի հարցով վիճակը կրնայ փոխուիլ, եթէ փոխուին բանակցողները։ Այս մասին դատարանի բակին մէջ րագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Երրորդ նախագահի խօսքով՝ ինք ուշադիր լսած է Արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի առաջարկութիւնները։ Սերժ Սարգսեանի կարծիքով՝ տրամաբանական է այն, ինչ կ'ըսէ Վարդան Օսկանեանը, եւ իրականացնելի է:
«Ի հարկէ, ծանր է վիճակը, դժուարութիւնները շատ են, պրոբլեմները մեծ են, բայց չեմ համարում, որ անելանելի վիճակ է։ Եթէ կարողանան պայմանաւորուել մի խումբ դիւանագէտներ Վարդան Օսկանեանի գլխաւորութեամբ աշխատել, իսկ մնացածը լռել, կարող է փոփոխութիւններ լինել։ Թէեւ ես չեմ կարծում, որ այդ մարդիկ կարող են լռել»,- նշած է նախկին նախագահը։
Յիշեցնենք, որ ԱԳ նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը հանդէս եկած էր առաջարկով եւ պատասխանատւութեամբ յայտարարած, որ, եթէ լիազօրութիւն տրուի իրեն, եւ խումբ մը դիւանագէտներու, ապա ինքը կրնայ շատ կարճ ժամանակի մէջ՝ 2-3 ամսուան ընթացքին կտրուկ փոփոխութիւններ մտցնել բանակցային գործընթացին մէջ ի շահ Հայաստանի։
Բայց Օսկանեանը նախապայման ներկայացուցած է այս հարցով, որ այդ լիազօրութիւնը պէտք է ըլլայ 100 տոկոս, Փաշինեանը 3 ամիս պէտք է լռէ։