image

Սերպիա. Ատրպէյճանցի բռնցքամարտի մարզիչը փորձած է խեղդել իրաւարարը

Սերպիա. Ատրպէյճանցի բռնցքամարտի մարզիչը փորձած է խեղդել իրաւարարը

Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցած դպրոցականներու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին պատահեցաւ արտառոց դէպք մը, երբ ատրպէյճանցի մարզիչ մը փորձեց իրաւարարը խեղդել` անոր որոշումէն դժգոհելով:

Միջադէպը տեղի ունեցաւ ատրպէյճանցի Եուսիֆ Աշաքիշիեւի եւ սերպ Վիքթոր Մայսթորովիչի միջեւ մենամարտի պահուն: Աշաքիշիեւի մարզիչը յարձակեցաւ իրաւարարին վրայ, իսկ իրաւարարը ազատելու համար մեծ թիւով մարդիկ միջամտեցին, հեռացնելով վայրի գազան դարձած անզսպելի մարզիչը:

Այս միջադէպին պատճառով սերպ Մայսթորովիչ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, մինչ ատրպէյճանցի մարզիկը եւ մարզիչը մրցաշարքէն հեռացուեցան: