Սեպտեմբեր 15-էն դեկտեմբեր 15-ը պիտի կայացուին պահեստազօրայիններու վարժական հաւաքներ՝ նպատակ ունենալով կատարելագործել պահեստազօրի մէջ հաշուառուած շարքային, ենթասպայական եւ սպայական կազմերու ռազմական հմտութիւնները:
Որոշումն ընդունուած է կառավարութեան այսօրուան նիստի ժամանակ։
Վարժական հաւաքներուն պիտի մասնակցեն պահեստազօրի առաջին խումբին մէջ հաշուառուած քաղաքացիները՝ շարքային, ենթասպայական եւ սպայական կազմէն։
Մասնակիցներո կազմը պիտի որոշուի ըստ մասնագիտութեան, անհրաժեշտ քանակի եւ հաւաքներու ժամկետի՝ զինուած ուժերու կարիքներուն համապատասխան: