Օրերս ՍԴՀԿ Հայաստանեան մարմնի ներկայացուցիչներ աշխատանքային այց մը կատարած են դէպի Սիւնիք։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՍԴՀԿ Հայաստանի մարմնի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Սոյն թուականի մարտի 3 -ին Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ փոխատենապետ`Վարազդատ Եղիազարեանի կուսակցական, աշխատանքային այցով կը գտնուէր Սիւնիք, ուր կուսակցական եւ հանրային հանդիպումներ ունեցաւ Կապան եւ Մեղրի քաղաքներու մէջ: Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան մեր երկրի մէջ ու մեր շուրջ գոյութիւն ունեցող ամենահրատապ ու կարեւոր քաղաքական եւ անվտանգային հարցերը: ՍԴՀԿ Հայաստանի կազմակերպութեան փոխատենապետը, ինչպէս նաեւ ներկաները միահամուռ կերպով ընդգծեցին Սիւնիքի չափազանց կարեւոր ու կենսական նշանակութիւնը`Հայաստանի գոյատեւման, անվտանգութեան ու հետագայ զարգացման համար: Հանդիպումները անցան ջերմ եւ անկաշկանդ կարծիքներու փոխանակութեան մթնոլորտի մէջ:
Պատուիրակութիւնը ապա այցելեց եւ իր խորին յարգանքի տուրքը մատուցեց`օսմանեան լուծի տակ տառապող հայ ժողովուրդի եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի տեսլականի համար պայքարած եւ 1915 թուականի յունիսին Կոստանդնուպոլսոյ Սուլթան Պայազետ հրապարակին վրայ կախաղան հանուած Հնչակյան հերոս, բնիկ Մեղրեցի` Փարամազի (Մաթեւոս Սարգսեան) եւ իր կուսակցական ընկերներու անմահութեան յուշահամալիրին: