image

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն՝ Անթիլիասի մէջ 

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն՝ Անթիլիասի մէջ 
Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, օրերս, Սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարուած է, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ ձեռամբ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։

Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, կիրակի, 1 յունիս 2025-ի առաւօտուն մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն` ձեռամբ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչներէն Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեանի: Սուրբ պատարագը մատուցեց Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան:

Դպրեվանեցի երկու կիսասարկաւագներ` Աբրահամ Պայտունեան եւ Գաբրիէլ Թահանեան, խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, ծնրադիր բարձրացան սուրբ խորան, ուրկէ հրապարակաւ հրաժարեցան աշխարհէն` ուխտելով նուիրուիլ Հայ եկեղեցւոյ եւ ծառայել սուրբ սեղանին: Ձեռնադրիչ սրբազան հայրը ընծայեալներու ուսերուն վրայ զետեղեց Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող սուրբ ուրարները եւ հոգեշունչ աղօթքներով անոնց տուաւ Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու եւ անոյշ բոյր խնկելու իշխանութիւն:

Յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ Կոմիտաս արքեպիսկոպոս մէջբերեց «զի լուծ իմ քաղցր է եւ բեռն իմ` փոքրոգի» (քանի իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս` թեթեւ) (Մտ 11.30) Քրիստոսի խօսքը` իբրեւ գօտեպնդիչ ազդակ ձեռնադրեալ սարկաւագներուն: Առ այդ, ան դիտել տուաւ, որ սարկաւագութիւնը իմանալի կերպարանքն մըն է, զոր ստացան նորընծաները Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ իսկ հաստատուած յատուկ տուչութեամբ, եւ այս իմաստով անոնց շնորհուեցաւ հոգեւորականութեան առաջին աստիճանը: Ապա քարոզիչ սրբազան հայրը ներկայացուց սարկաւագի մը նուիրականութիւնը` նշելով, որ այդ աստուածային շնորհ մըն է եւ կու գայ հանգչելու անոնց ուսերուն վրայ` իբրեւ հաւատքի արօր եւ զանոնք կը դարձնէ Աւետարանն ու Տիրոջ սուրբ խօսքը սերմանելու լծակներ: Այս պարտականութեան մէջ քարոզիչ սրբազան հայրը շեշտեց կարեւորութիւնը երկու առաքինութիւններու` հեզութեան ու խոնարհութեան: Հուսկ, սրբազան հայրը իր հայրական խրատներով ու յորդորներով պարուրեց սարկաւագները, որովհետեւ սարկաւագութիւնը այլեւս դարձաւ անոնց հոգեւոր նոր բնութիւնը:

Իր քարոզի աւարտին ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհաւորեց` վեհափառ հայրապետը, նորընծայ սարկաւագները, միաբանութիւնը, դպրեվանքի տեսչութիւնն ու սարկաւագներուն ծնողներն ու հարազատները եւ իր աղօթքը բարձրացուց Ամենակալին, որպէսզի հաւատքի ու կոչումի ամրութիւնը առաւել հաստատէ ընծայեալներուն մէջ, որպէսզի Հայ եկեղեցւոյ ու ազգի անդաստանին մէջ անոնք ըլլան պտղալի մշակներ: