ՀՅԴ Ազդեցիկ ղեկավարներէն՝ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման ու նահատակութեան 40-ամեակին առիթով` հոգեհանգստեան պաշտօն եւ գիրքի շնորհահանդէս-գինեձօն Այնճարի մէջ։
Օրերս ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի կազմակերպութեամբ Ոգեկոչման Ձեռնարկ եւ գիրքի շնորհահանդէս տեղի ունեցաւ Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս, Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին առիթով, ուր Կարօ Յովհաննէսեանի «Ամենաղեկավարը՝ Սարգիս Զէյթլեան» Ա. Հատոր գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ:
Հեղինակը գիրքը կը նկատէ խիղճի պարտք մը մեծ ուսուցիչին, խիզախ մտաւորականին, յանդուգն գաղափարախօսին ու հրապարակագիրին, եւ մեծ նուիրեալ ու հաւատաւոր մեծ Մարդուն, մեծ Հայուն եւ մեծ Դաշնակցականին:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Մուսալեռ-Այնճար» դիմատետրեան պաշտօնական էջէն:
Տարածուած լրատւութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, կիրակի, 23 մարտ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման ու նահատակութեան 40-ամեակին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ կանգնեցուած նահատակ ընկերոջ կիսանդրիին դիմաց եւ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ` առ ի յարգանք անոր յիշատակին:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ներկաները բարձրացան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ գիրքին շնորհահանդէսը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց Արտակ Կէօքճեան, որ նախ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել նահատակ ընկերներուն յիշատակը, ապա հարց տուաւ, թէ արդեօք ի՞նչ ուղղութեամբ կրնար ընթանալ Հայ դատի պայքարը, անկախութեան պատմութիւնը, եթէ 40 տարիներ առաջ առեւանգուած ու անարգօրէն սպաննուած չըլլար Սարգիս Զէյթլեանը, որ համակ ոգի էր ու գաղափարի մարտիկ, իսկական առաջնորդ ու անփոխարինելի ղեկավար:
Ան յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն յատկանշական ու անկիւնադարձային մէկ փուլին ազգի կարկառուն ու անզուգական ղեկավարներէն Զէյթլեան զոհ գնաց հակահայ պայքարի, աւելցնելով, որ շատ յստակ էր թշնամիին ընտրած թիրախին կարեւորութիւնը ու անոր պատճառով յառաջացած ժխտական իրադրութեանց ողջ ծանրութիւնը:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Սեդրակ Հաւաթեան, որ ըսաւ, թէ նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգումէն անցած են 40 տարիներ, սակայն ան տակաւին կ՛ապրի իւրաքանչիւրիս հոգիին, ինչպէս նաեւ իր անունը կրող այս կեդրոնի իւրաքանչիւր քարին մէջ: Ան անդրադարձաւ Այնճարի մէջ Զէյթլեանի բեղուն գործունէութեան` իբրեւ Յառաջ վարժարանի տնօրէն, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ մանաւանդ` անոր ունեցած մեծ ներդրումին, Այնճարի կալուածային վերաբաշխման կարգաւորումին մէջ, շեշտելով, որ այսօր այդ կալուածներու պահպանումը կը հանդիսանայ գիւղի հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը, եւ առ այդ, մենք կոչուած ենք զանգերը հնչեցնելու եւ այս գիւղը կանգուն պահելու` իր հաստատութիւններով ու հողային ամբողջականութեամբ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին ծրագիրը հանդիսացող այս գիրքի պատրաստութեան մէջ իր բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանք տարած Կարօ Յովհաննէսեանին: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին հատորի լոյս ընծայման:
«Այսօր օրը տօնական է, որովհետեւ մեր նահատակ ընկերոջ անունով կոչուած կեդրոնի կողքին, ուր կանգնած է նաեւ իր կիսանդրին, ունեցանք նաեւ ընկերոջ կեանքի ու գործունէութեան նուիրուած այս ծաւալուն հատորը, որ յաւերժ յուշարձան եւ յուշարար պիտի ըլլայ Գաղափարի մարտիկ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանին», իր խօսքը եզրափակեց Հաւաթեան:
Ձեռնարկի ընթացքին Արտակ Կէօքճեան պարբերաբար ներկայացուց Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերէն փունջ մը:
Զէյթլեան ընտանիքին անունով խօսք առաւ Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքի ուղին եւ անոր դաշնակցական գործի ձգած օրինակները` կազմակերպական հմուտ գործիչի, ինչպէս նաեւ հեռատես ու հզօր ղեկավարի եզակի համադրութեան մը բնութագիրով:
Ան անդրադարձաւ Սարգիս Զէյթլեանի հիմնարար եւ առանցքային դերակատարութեան, յատկապէս` երիտասարդական միաւոր յառաջացնելու առաջադրանքին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին որդեգրուած դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան մշակման, ինչպէս նաեւ` երեսփոխանական հայկական պլոքի ընդլայնման մէջ:
Արմէն Թաշճեան յիշատակեց 1973-էն Զէյթլեանի գլխաւորութեամբ գործող ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի գործունէութիւնը, ընդգծեց անոր հրապարակագրութեան լայն շրջածիրը` լուսարձակի տակ բերելով յատկապէս անոր հայկական արեւելումի յղացքին գաղափարաքաղաքական հիմնաւորումները, մեծ ներդրումը ՀՅԴ Ծրագիրի վերամշակման մէջ, ինչպէս նաեւ անոր հետեւողական ջանադրութիւնը` դաշնակցական գրականութիւնը հայրենի մտաւորական եւ այլախոհ շրջանակներու հասանելի դարձնելու ուղղութեամբ:
Արմէն Թաշճեան եզրափակեց, որ Սարգիս Զէյթլեանի եղերական վախճանով խափանուեցաւ անոր 25-ամեայ ուխտերթին բազմաճակատ գործունէութիւնը` ծանր հարուած հասցնելով Դաշնակցութեան, բայց եւ այնպէս, «Անոր ձգած լուսափայլ դրոշմը տակաւին ազդալոյս է յեղափոխութեան մեր արշաւին, եւ անոր պատգամը կ՛արձագանգէ ամէնուրեք խտացնելու համար մեր շարքերը»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Հայկ եւ Նարեկ Քէշիշեանները:
Օրուան բանախօսն էր «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքին հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեան, որ դիտել տուաւ, թէ Սարգիս Զէյթլեանի մասին ուսումնասիրութիւն մը պատրաստելու գաղափարը յղացած էր 2015 թուականին, երբ կը ծրագրէր մէկ հատորի մասին, որ պիտի ընդգրկէր իր կեանքը, հրապարակագրութիւնը եւ կազմակերպական գործունէութիւնը, սակայն անձնական եւ առողջական պատճառներով դադրած է, ապա 2020 հոկտեմբերին սկսած է ուսումնասիրական աշխատանքին: Ան ըսաւ, որ գիրքը կ՛ընդգրկէ Սարգիս Զէյթլեանի ուսուցչական, հրապարակագրական եւ կազմակերպական գործունէութիւնը, ներառեալ` կենսագրական տուեալները, այլազան աղբիւրներու օգտագործումով, 1955-1966:
Յովհաննէսեան հաստատեց, որ Զէյթլեան ուր որ գտնուած է, ուզած է մարդուժ պատրաստել, շեշտելով, որ ան ունէր երազը` պատրաստելու վաղուան մարդուժը, որուն կը սպասէր անձկութեամբ: Ան ըսաւ, որ Զէյթլեան շատ բան սորվեցուց մեր սերունդի երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք դաս քաղած են եւ անոր խմբագրականներէն, առաջնորդող յօդուածներէն, բազմաթիւ գրութիւններէն, նաեւ` անոր ճառերէն: «Զէյթլեան եղաւ առաքինութեան, պատուոյ եւ բարոյականութեան մարմնացումը: Դաշնակցութեան ճամբով հայութեան ծառայելու խորհրդանիշ: Սորվեցուց մեզի, որ Հայաստանի, հայութեան եւ Դաշնակցութեան ծառայելու սէրը կու գայ գլխաւորաբար հաւատքէն», շեշտեց Յովհաննէսեան` աւելցնելով, որ ասոր փաստը տուաւ իր անձին օրինակով, իր անձին եւ աշխատանքին ընդմէջէն, անընկճելի կամքին եւ անխորտակելի եռանդին` արգելքներու եւ խոչընդոտներու առջեւ կանգ չառնելու: Նուաճեց միտքի եւ հոգիի բարձունքներ, որովհետեւ տիրապետեց իր կամքին վրայ, որ զարգացուց յարատեւօրէն:
Կարօ Յովհաննէսեան ըսաւ, որ Զէյթլեան նոր շունչ եւ դիմագիծ բերաւ մեր հրապարակագրութեան, աւելցնելով, որ ան ունէր գրականագէտի եւ գրական քննադատի սուր խառնուածք: Խորապէս ծանօթ էր հայ գրականութեան: Կը սիրէր հրապարակագրութիւնը, զոր նախընտրեց գրականագիտութենէն, որովհետեւ հրապարակագրութեամբ աւելի կրնար արտայայտուիլ հայ ժողովուրդի տագնապներուն եւ իտէալներուն մասին: Յովհաննէսեան յայտնեց, որ Զէյթլեանի մէջ խոր էր ծառայելու կամ ծառայասիրութեան զգացումը եւ, առ այդ, մեծ ծառայութիւններ մատուցեց Դաշնակցութեան եւ հայութեան: Ան դուրս բերաւ հայութիւնը իր տեղայնական մտածելակերպէն եւ ընդարձակեց Հայ դատի ուղղութեամբ: Շարժման մէջ դրաւ քնացած ուժերը, յայտնաբերեց կարողութիւններ, բերաւ նորութիւններ, մանաւանդ` Հայ դատի մարտավարութեան մէջ:
Եզրափակելով իր խօսքը` Յովհաննէսեան շեշտեց, որ Սարգիս Զէյթլեան իր անաղարտ նկարագիրով նուաճեց ինքզինք եւ անունը անջնջելիօրէն արձանագրեց Դաշնակցութեան մայր տոմարին մէջ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Լատոյեան, որ սկիզբը արժեւորեց Սարգիս Զէյթլեանը` հաստատելով, որ վերամշակուած ՀՅԴ Ծրագրին վերջնական տարածումը կը պատկանէր անոր, նկատի ունենալով անոր վայելած գաղափարական հզօրութիւնը, սկզբունքները բիւրեղացնելու եւ կարգախօսներ ճշդելու տաղանդը, ինչպէս նաեւ` լիարժէք կերպով Դաշնակցութեան մէջ տիրական միտքերը ձեւակերպելու ունակութիւնը:
Ապա հաստատեց, որ Սարգիս Զէյթլեան երեւոյթ էր մեր իրականութեան մէջ` ազգային, կրթական, հրապարակագրական, մշակութային, քաղաքական եւ կուսակցական բոլոր բնագաւառներուն մէջ բեղուն աշխատանք տարած:
«Սարգիս Զէյթլեանի աշխատելաոճը «պուլտուզըր»-ի ոճ էր: Այսինքն բազմածաւալ էր, հետեւողական, անզիջող շարունակական եւ կրկնակոխ ոճով կ՛աշխատէր: Թափ եւ թռիչք կար անոր աշխատանքին մէջ: Ան գիտէր աշխատիլ եւ աշխատցնել», դիտել տուաւ Լատոյեան:
Ան անդրադարձաւ Սարգիս Զէյթլեանի սկզբունքայնութեան, բծախնդիր կուսակցականի իւրայատկութեան, իսկ համահայկական խնդիրներու պարագային` անոր լայնախոհ կեցուածքին:
Մեկնելով Սարգիս Զէյթլեանի տեսլականներու այժմէական ըլլալէն, այսօր Հայաստան-սփիւռք վտանգուած մթնոլորտէն` Յակոբ Լատոյեան յայտնեց, որ այսօր արտաքին ճակատի վրայ Հայաստան – սփիւռք միասնական ըլլալու հիմնական երկու օրակարգ ունինք` Արցախ եւ Ցեղասպանութիւն: Բայց եւ այնպէս, ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայ վարքագիծը կ՛անտեսէ այս օրակարգերը, կը հարուածէ միասնականութիւնը, ապազգային ուղիով կ՛ընթանայ: Սակայն Դաշնակցութեան համար Սարգիս Զէյթլեանի երկու սկզբունքները կը մնան նոյնը` արտաքին ճակատի վրայ մնալ միասնական, կառչիլ Հայաստանի գոյութեան, հզօրացման եւ ազգայնացման անհրաժեշտութեան:
Լատոյեան ըսաւ, որ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովն ալ հաստատեց Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութեան տէր կանգնելու եւ բոլոր բաժանարար մօտեցումներուն դէմ դնելու հրամայականը, Հայաստանի գոյութիւնը, հզօրացումը եւ ազգայնացումը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման իրաւունքի հետապնդումը, Արցախի օրակարգի արծարծպահպանումը, սփիւռքի կազմակերպական հզօրացումը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը, որուն ընթացքին Վարուժան արք. Հերկելեան տուաւ իր պատգամը: Ապա ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Կարօ Յովհաննէսեանը:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին կողմէ գիրքէն օրինակ մը նուէր բաժնուեցաւ իւրաքանչիւր ընտանիքի, եւ գիրքերը մակագրուեցան հեղինակին կողմէ: