image

Սարգիս Գալստեանը Պաքուի կողմէ Արցախի ներկայացուցիչ. Ո՞վ է ան

Սարգիս Գալստեանը Պաքուի կողմէ Արցախի ներկայացուցիչ. Ո՞վ է ան

Շուշիի «Աւան փլազա» հիւրանոցի նախկին տնօրէն Սարգիս Գալստեանը նշանակուած է Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ։ 

Նշանակման մասին առաջինը գրառած է լրագրող Թաթուլ Յակոբեան:

Կը նշուի, որ Սարգիս Գալստեան Արցախի խորհրդարանի «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեանի հօրեղբօր որդին է:

Լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով` Սարգիս Գալստեանը 1990-ական թուականներու այն աքթիւիսթներէն եղած է, որոնք ժողովրդական դիւանագիտութեան ջատագովներն էին եւ բաւական յաճախ կ'այցելէին Պաքու։

Նշուած է նաեւ, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք տեսանիւթեր տարածուած էին, որոնց մէջ Շուշիի «Աւան փլազա» հիւրանոցի աշխատակիցը յայտարարած էր, թէ իրենց տնօրէնը ազգութեամբ ատրպէյճանցի է, բայց 13 տարի կը բնակի Արցախի մէջ։