image

Սամուէլ Կարապետեանի հետ կապուած իրավիճակը Ռուսիոյ ուշադրութեան կեդրոնն է․ Քալուկին

Սամուէլ Կարապետեանի հետ կապուած իրավիճակը Ռուսիոյ  ուշադրութեան կեդրոնն է․ Քալուկին

Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացի, կալանաւորուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանի հետ կապուած իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ռուսական կողմի ուշադրութեան կեդրոն: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Միխայիլ Քալուկինը։

«Ռուսիոյ քաղաքացիներու եւ ռուսական ձեռնարկատիրական շահերու պաշտպանութիւնը միշտ եղած է եւ պիտի մնայ մեր գերակայ խնդիրը: Մեզի համար անցանկալի է, որ Կարապետեանի՝ տարիներու ընթացքին կառուցուած ձեռնարկութիւնները, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Ռուսիոյ մէջ, տուժեն»,-ըսած է ռուս դիւանագէտը։

Ան յայտնած է, որ Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան միջոցաւ հնարաւոր եղած է հիւպատոսական մուտք ունենալ Կարապետեանի մօտ՝ կալանավայր։ Քալուկինի խօսքով՝ ռուս դիւանագէտները վերջին անգամ Կարապետեանին այցելած են դեկտեմբերի սկիզբը։

«Մենք կը ստանանք Կարապետեանի առողջութեան վերաբերեալ բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, այդ շարքին՝ անոր փաստաբաններու եւ հարազատներու միջոցով: Ան յայտնած է, որ իրեն լաւ կը զգայ, լաւատես է եւ լաւ տրամադրութեամբ»,-յայտնած է Քալուկինը:

Դիւանագէտի խօսքով՝ ռուսական կողմը Կարապետեանի հարցը պարբերաբար կը բարձրացնէ Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու մօտ: «Մենք կ՚ընդգծենք, որ Կարապենեանը վեց ամիս է՝ կալանքի տակ է առանց դատարանի որոշման։ Մենք նաեւ ազդանշաններ կը փոխանցենք, որ այս իրավիճակին մէջ այլ հայ ձեռնարկատէրեր զգուշաւոր կը դառնան Հայաստանի մէջ իրենց նախագիծերու հեռանկարներու նկատմամբ եւ կասկածի տակ կը դնեն անոր ներդրումային միջավայրի կայունութիւնը, որ, հաւանաբար, չի նպաստեր երկկողմ առեւտուրի աճի պահպանման»,- ըսած է Քալուկինը։