Ատրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները 28 Յուլիսին ժամը 03:40-ի սահմաններուն հերթական անգամ դիմած են սադրանքի եւ խախտած հրադադարը հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին, ընթացած են տեղային մարտեր: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ատրպէյճանի նախաձեռնած յարձակումէն ետք ծաւալած մարտական գործողութիւններու հետեւանքով, ժամը 08։30-ի դրութեամբ, հայկական կողմը ունի երեք զոհ, եւս երկու զինծառայող վիրաւոր են։
Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, ժամը 09։20-ի դրութեամբ, տալով կորուստներ, ետ շպրտուած են դէպի իրենց դիրքերը։