image

Սահմանազատման խնդիր. 1920–ականներու քարտէզներով Տաւուշի 3 գիւղեր մնալու են Հայաստանի կազմին մէջ

Սահմանազատման խնդիր. 1920–ականներու քարտէզներով Տաւուշի 3  գիւղեր մնալու են Հայաստանի կազմին մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին ընդառաջ Տաւուշի մարզէն ներս աւելցած են մտավախութիւնները, որ ատրպէյճանաբնակ գիւղերը, որոնք խորհրդային տարիներուն Հայաստանի տարածքներէն առանձնացուած էին որպէս ներգաւառներ (անքլաւ), կրնան անցնիլ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:

Այդ 3 ներգաւառներն են` Վերին Ոսկեպարը, Բարխուդարլուն եւ Սոֆոլուն:

Բացի այդ, 90-ականներու կռիւներէն յետոյ հայկական վերահսկողութեան տակ  մնացած է ատրպէյճանաբնակ Ներքին Ոսկեպար գիւղը:

Հայկական Ոսկեպարը, ներքին Ոսկեպարի եւ Վերին Ոսկեպարի մէջտեղն է, որոնց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցելու պարագային, ան կը յայտնուի շրջափակման մէջ:

Բացի այդ, եթէ սահմանագծումը կատարուի ըստ այն քարտէզներուն, որոնք կը համընկնին, Կուկըլի քարտէզներուն հետ, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը յայտնուի Վրաստան-Հայաստան միջպետական մայրուղիի 3 հատուած` Ծաղկաւան-Կիրանց, Կիրանց-Ոսկեպար, Ոսկեպար-Բաղանիս: 

Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններով՝ Հայաստանի կառավարութիւնը այս հատուածները շրջանցող նոր՝ մօտ 12 քմ-նոց ճանապարհներու կառուցման որոշում ունի։ Սահմանամերձ գիւղերը այս մասին նոյնպէս գիտեն տարածուած խօսակցութիւններէն:

Կիրանցի գիւղապետ՝ Կամօ Շահինեան 1990-ականներուն այն ժամանակուայ նախարարներու խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալ՝ Վլատիմիր Մովսիսեանի հետ մասնակցած է սահմաններու ճշգրտման։ Շահինեան յստակ կը յիշէ, որ այդ ժամանակ հաստատուած ու արձանագրուած է, որ մայրուղիի՝ Կիրանցով անցնող հատուածը Հայաստանի տարածք է։ 

Վլատիմիր Մովսիսեանի մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 1988 թուականին փաստաթուղթ ստորագրուած է, որով կը յստակացուէին խորհրդային երկու պետութիւններու միջեւ վարչական սահմանները։ Այդ ժամանակ Հայաստանին վերադարձուած է շուրջ 15 հազար հեկտար տարածք՝ Նոյեմբերեանէն մինչեւ Մեղրի։ 180-էն աւելի արձանագրութիւններ ունեցող այդ փաստաթուղթով, սակայն, պաշտօնական քարտէզները վերանայելու հնարաւորութիւն չէ եղած, քանի որ անիկա ստորագրուելէն կարճ ժամանակ ետք՝ Փետրուարին սկսած է արցախեան շարժումը եւ արձանագրութիւնները մնացած են թուղթի վրայ։ Տաւուշի սահմաններուն առնչուող ամենաթարմ քարտէզը 1986 թուականի տուեալներու հիման վրայ, 1990 թուականին տպագրուած՝ սովետական գլխաւոր շտապի քարտէզն է։ 

Այստեղ Տաւուշի սահմանները նոյնն են, ինչ Կուկըլի քարտէզը, մայրուղին տեղ-տեղ կ'անցնի Ատրպէյճանի տարածքով, Հայաստանի տարածքն են այսպէս կոչուած ատրպէյճանական 3 ներգաւառները:

Թէեւ առայժմ յստակ չէ, թէ որ թուականի քարտէզներով պիտի իրականացուի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատումն ու սահմանագծումը, բայց պաշտօնական Երեւանը արդէն յայտարարած է, որ Ռուսաստանի կողմէ առաջարկ կայ սահմանազատման համար հիմք ընդունիլ 1970-ականներու քարտէզը։

Սովետական գլխաւոր շտապի 70-ականներու քարտէզով  արդէն նախկին ատրպէյճանաբնակ գիւղերը նշուած են որպէս Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող ներգաւառներ։ 

1500 քառակուսի մեթր տարածքը, որ ըստ մասնսագէտներուն, Ատրպէյճանին նուիրուած է 1970-ականներուն, 1920-ականներու թուականի քարտէզներով Հայաստանի տարածք են: 

Եթէ 1920–ականներու քարտէզներով սահմանազատում կատարուի, 3 գիւղերը կը մնան  մեր տարածքը, իսկ 70–ականներու քարտէզի վրայ հիմնուելու պարագային՝ կ'անցնին Ատրպէյճանին։

 

 

Լուրը՝ News.am-էն: