4 Հոկտեմբերին, ժամը 10-11-ի սահմաններուն Նոյեմբերեան համայնքի Կոթի բնակավայրի սահմանագօտիին վրայ վիրաւորուած է պայմանագրային զինծառայող Եղիշէ Չախմախչեանը։ Վերջինս Կոթի գիւղի բնակիչ է։
«Հետքի» հետ զրոյցի ժամանակ զինծառայողի վիրաւորում ստանալու մասին լուրը հաստատած է Կոթի բնակավայրի ղեկավար Ֆելիքս Մելիքեանը։ Պայմանագրային զինծառայողը վիրաւորում ստացած է ուսագօտիի շրջանին, անոր տեղափոխած են «Նոյեմբերեան»ի բժշկական կդտրոն, այնուհետեւ Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց։ Ֆելիքս Մելիքեանի պնդմամբ՝ առաւօտեան գիւղին մէջ կրակոցի ձայներ լսելի չեն եղած։