image
Հրատապ լուրեր:

Սահակ Բ. Պատրիարքի Տիարպէքիր այցը (Լուսանկարներ)

Սահակ Բ. Պատրիարքի Տիարպէքիր այցը (Լուսանկարներ)

Տիարպէքիրի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգման ու բարեզարդման աշխատանքի սկզբնաւորումը օրհնելու համար Տիգրանակերտ մեկնեցած է Սահակ Բ. Պատրիարք։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Յունիս 2024, Չորեքշաբթի առաւօտ մեկնեցաւ Տիյարպաքըր։ Նորին Ամենապատուութեան կ'’ուղեկցէր գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Տիյարպսքըրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին տարիներ առաջ մեծ նորոգութեան ենթարկուած ու բարեզարդուած էր, իսկ Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ իր համալիրը, երկրաշարժի ալ հետեւանքով բոլորովին անշուք վիճակ մը կը պարզէր նիւթական եւ նման պատճառներով ալ իր վիճակին մէջ մնացած էր։ 

Ընդառաջելով Տիյարպաքըրի Ծխական Խորհուրդի խնդրանքին, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վերջերս որոշած էր հինգ միլիոն լիրա յատկացնել փլատակ վիճակի մէջի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնումի համար։ Եկեղեցւոյ վերականգնման ու բարեզարդման աշխատանքներու ծրագիրը արդէն իսկ պատրաստ ըլլալով, որոշուած էր շուտով աշխատանքի անցնիլ։ Ահա այս աշխատանքի սկզբնաւորումը օրհնելու համար Տիգրանակերտ մեկնեցաւ մեր Հոգեւոր Պետը։

Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարելի հանդիսութեամբ սկիզբ պիտի առնէ վերականգնման աշխատանքը։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը Տիյարպաքըրի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Վարդգէս Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ, Ծխական Խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Մեր Հոգեւոր Պետը եւ շքախումբը նախ այցելեց Ս. Կիրակոս եկեղեցի եւ այստեղ կատարուեցաւ ուխտի աղօթք։ Ապա տրուեցան քաղաքավարական շարք մը այցելութիւններ տեղւոյն պետական պաշտօնեաներուն։ 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԱՒԱԳ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Ըստ նախապէս առնուած ժամադրութեան, Նորին Ամենապատութիւնն ու ընկերակիցները ժամը 13.00-ին այցելեցին Տիյարպաքըրի Աւագ Քաղաքապետարան եւ դիմաւորուեցան եւ ընդունուեցան աւագ քաղաքապետ Տօղան Հաթունի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին նախ շնորհաւորեց աւագ քաղաքապետը իր ընտրութեան առթիւ, ապա բացատրեց այցելութեան նպատակը եւ տեղեկութիւններ տուաւ կատարուած եւ կատարելի աշխատանքներուն մասին։ Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։ 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Այցելութիւն տրուեցաւ Տիյարպաքըրի Կուսակալութիւն, ուր մեր Հոգեւոր Պետը դիմաւորուեցաւ Կուսակալի Փոխանորդ Ապտուլլահ Չիֆթչիի կողմէ։ Ան յայտնեց, որ Կուսակալը հանգստեան կոչուած ըլլալով ինք կը փոխարինէր եւ այդ հանգամանքով կը դիմաւորէր Հայոց Պատրիարքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ իր Տիյարպքըր այցելութեան ընթացքին փափաքած է քաղաքի պետական բարձրագոյն իշխանութեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ եւ բացատրեց այցելութեան նպատակը, տեղեկութիւններ տուաւ կատարուած եւ կատարելի աշխատանքներուն մասին։ Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։ 

ԱՅՑ ՍՈՒՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Նորին Ամենապատութիւնն ու ընկերակիցները ժամը 17.00-ին այցելեցին Տիյարպաքըրի Սուր քաղաքամասի զոյգ քաղաքապետներ՝ Ատնան Էօրհանին եւ Ֆաթմա Էօնքօլին։ Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին նախ շնորհաւորեց զոյգ քաղաքապետները իրենց ընտրութեան առթիւ, ապա բացատրեց այցելութեան նպատակը եւ տեղեկութիւններ տուաւ պարագաներու բերմամբ գրեթէ փլատակ մնացած Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վերականգնման ու բարեզարդման համար կատարելի աշխատանքներուն մասին։ Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։ 

ՍԻՐՈՅ ԸՆԹՐԻՔ Տիգրանակերտի Ծխական Խորհուրդը նոյն գիշեր, ի պատիւ իր Ամենապատիւ Սրբազան հիւրին, սիրոյ ընթրիք սարքեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։