Մահացած է Եղիշէ Չարենցի կրտսեր դուստրը՝ Անահիտ Չարենցը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Չարենցի տուն–թանգարանի դիմատետրեան էջէն։
Անահիտ Չարենցը մահացած է 29 յունիսին։ Ան 89 տարեկան էր։
Նշենք, որ հայ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Անահիտ Չարենցը Սթալինի մահէն ետք զբաղած է Չարենցի ձեռագրերու ուսումնասիրմամբ եւ վերծանմամբ, որոնք խոնավութենէն դարձած են դժուարընթեռնելի։
1978-ին հրատարակած է «Չարենցի ձեռագրերի աշխարհում» աշխատութիւնը, 1983 թ.՝ «Անտիպ եւ չհաւաքուած երկեր» գիրքը։ Եղիշէ Չարենցի տուն–թանգարանի հիմնադրման գործին մէջ իր քրոջ` Արփենիկի հետ մեծ ներդրում ունեցած է։
2022 թուականի մարտ 13-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ ներդրած աւանդի եւ երկարամեայ անխոնջ գործունէութեան համար Անահիտ Չարենցը պարգեւատրած է Երախտագիութեան մետալով։