image
Հրատապ լուրեր:

Պայծառակերպութեան տօնախմբութիւն Տիարպէքիրի մէջ

Պայծառակերպութեան տօնախմբութիւն Տիարպէքիրի մէջ

Օրերս, Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Պայծառակերպութեան տօնախմբութիւն՝ մատուցուած է տաղաւարի Ս. Պատարագ, օրհնութեամբ՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի:

Այս մասին «Արեւելք» Այս մասին տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, ուր մասնաւորապէս գրուած է.

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, շաբաթավերջին Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տաղաւարի Ս. Պատարագ։

Նոյն առթիւ, Նորին Ամենապատուութեան կարգադրութեամբ Տիարպէքիր մեկնեցաւ գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Եուսուֆ Թապաշեան եւ այլ դպիրներ։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան խօսեցաւ խրատական մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Պայծառակերպութեան դէպքին ու տօնի խորհուրդին։

Ներկայ էին նաեւ Տիարպէքիրի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Էրկիւն Այըքի, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Ապա այցելութիւն տրուեցաւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ։

Տէր հայրն ու ընկերակիցները նոյն գիշերն իսկ վերադարձան Իսթանպուլ։