ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քուլեպայի հետ: Հանդիպումը կայացած է Տուպրովնիքի ֆորումի ծիրէն ներս:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ քաղաքական երկխօսութեան հարցեր: Այս պարունակին մէջ կարեւորուած են Քիեւի մէջ կատարուած քաղաքական խորհրդակցութիւնները եւ տարբեր ձեւաչափերով պարբերական շփումները:
Միտքեր փոխանակուած են Եւրոպական միութեան հետ փոխգործակցութեան հարցերու շուրջ:
Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային թեմաներու:
ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ անվտանգային իրավիճակը: Նախարար Միրզոյեան անդրադարձ կատարած է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն՝ շեշտելով խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման կարեւորութիւնը տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման պարունակին մէջ: