image
Հրատապ լուրեր:

Գերշ. Տ. Արամ արք. այցը՝ Տիարպէքիր

Գերշ. Տ. Արամ արք. այցը՝ Տիարպէքիր

Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ 22 Հոքտեմբերին տեղի ունեցած են տարեկան անուան տօնական արարողութիւններ, որոնց նախագահած եւ օրուան պատգամը տուած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝ 

Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզ եւ այլ դպիրներ։ Օրուան քարոզին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, որ այսօր տարբեր ազգերու եւ կրօններու պատկանող մարդոց իրարու նկատմամբ վերաբերմունքը մտահոգիչ դարձած է։ «Քրիստոսի միակ պատուիրանն է՝ զիրար սիրելը։ Դուք ալ սիրեցէք զիրար՝ որպէս քոյրեր ու եղբայրներ։ Ոխակալութեան հետեւանքով մարդիկ միայն կը տուժեն, իսկ զիրար սիրելով կը զօրանան ու կը հարստանան», ըսաւ ան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Նորին Սրբազնութիւնը եկեղեցիէն վերջ այցելեց նաեւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր հանդիսապետեց ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգին։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կ՚այցելէ իր տիրամօր ծննդավայրը՝ Լիճէ, իսկ վաղը կը վերադառնայ քաղաքս։