image
Հրատապ լուրեր:

Սաղաթէլեան խօսած է Արցախի եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ընդդիմութեան ծրագիրներուն մասին

Սաղաթէլեան խօսած է  Արցախի եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ընդդիմութեան ծրագիրներուն մասին

ՀՀ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ պիտի հանդիպին  ժողովուրդին հետ, Արցախի մէջ` նաեւ քաղաքական ուժերու, պատասխանատուներու հետ: Այս մասին ըսաւ ԱԺ փոխնախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը` անդրադառնալով ընդդիմութեան կողմէ ԱԺ նիստը պոյքոթելուն եւ Արցախ եւ ՀՀ սահմանամերձ մարզեր մեկնելուն:

«Մենք գտնում ենք, որ Հայաստանի թիւ  մէկ օրակարգը Արցախն է եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը: Եւ այս պահին Աժ-ում քննարկել մեր երկրի կենսական շահերի հետ անմիջական առնչութիւն չունեցող հարցեր, նպատակայարմար չենք գտնում: Այդ պատճառով խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները որոշել են այս քառօրեային չմասնակցել, եւ առաջիկայ օրերին լինելու ենք Արցախում, Սիւնիքում, այնուհետեւ Տաւուշում եւ Գեղարքունիքում, այսինքն` Արցախում եւ Հայաստանի այն հատուածներում, որտեղ կան անվտանգային հարցեր: Ժողովրդի հետ հանդիպում, աշխատանք, անվտանգային հարցերի բարձրացում, Արցախում նաեւ, հաւանաբար, տեղի կ'ունենան խորհրդարանական լսումներ Արցախի թեմայով, կը հանդիպենք Արցախի քաղաքական ուժերի, պատասխանատուների հետ միասին իրավիճակը քննարկելու համար», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ըստ անոր` իշխանութիւնը հեռացած է այդ օրակարգէն, իսկ իրենք կ'երթան այդ ճանապարհով: «Պէտք է ամբողջ մեր հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռենք Արցախի հիմնախնդրի վրայ, սա  Հայաստանի անվտանգութիւնն է եւ մեր գլխաւոր հարցն այսօր», նշեց պատգամաւորը:

Անդրադառնալով իշխանական պատգամաւորներու արձագանգին  ընդդիմադիրներու կողմէ խորհրդարանի դահլիճին մէջ Արցախի դրօշը դնելու վերաբերեալ` Սաղաթէլեան ըսաւ, որ այդ ձեւական արարք չէ, շատ յստակ քաղաքական եւ ժողովրդական ուղերձ է  ե՛ւ այլ երկիրներուն, ե՛ւ օրուայ իշխանութիւններուն: