Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Կիրակի, 14 Օգոստոս 2016-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի հանդիսապետութեամբ, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որմէ ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը։
Քեսապի բերքին ու ժողովուրդի ուխտերուն ընծան նուիրուեցաւ Աստուծոյ, յատուկ աղօթքներու ճամբով: Ապա Սրբազան Հայրը իր պատգամը տուաւ ներկայ ժողովուրդին, որմէ ետք հաւատացեալներ օրհնուած խաղողէն ողկոյզներ ստացան։
Խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութեան մասնակցեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները։