Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքին հովանաւորութեամբ կեանքի կը կոչուին բազում ծրագիրներ, որոնցմէ մին է «Զարմանազան»ը։ Ինն տարիէ ի վեր կը շարունակուի այս ծրագիրը, որ կը համախմբէ սփիւռքէն պատանիներ, երիտասարդներ եւ ուսուցիչներ՝ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օտ Սաւուա» շրջանին մէջ։
Այս ծրագիրը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի միւս բոլոր ծրագիրներուն պէս, ի նպաստ հայերէնի եւ հայ մշակոյթի է, մասնաւորապէս արեւմտահայերէնի։ Ծրագրի նպատակն է գրական հայերէնի այդ ճիւղի պահպանումը, զարգացումը, կիրարկութիւնն ու տարածումը՝ նորարար եւ արդիական միջոցներով՝ մա՛նաւանդ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու շրջանակին մէջ։
Ինչպէս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքէն կը յայտարարեն այս ծրագրին մասին՝ «Զարմանազան»ը արեւմտահայերէնի ամառնային խտացեալ ծրագիր մըն է, ուղղուած սփիւռքի բոլոր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն՝ ըլլան անոնք հայախօս կամ ոչ։
Հաղորդակցութեան, յարաբերութեան լեզուն հայերէնն է, ծրագիրը բոլոր մասնակցողներուն հնարաւորութիւն կու տայ հայերէնով արտայայտուիլ, սուզուիլ արեւմտահայերէնին մէջ։
2025 թուականի «Զարմանազան»ին մասնակցելու համար հիմնարկը արդէն սկսած է դիմումներ ընդունիլ եւ մինչեւ փետրուարի 21-ը ժամանակ կայ դիմելու եւ մասնակից ըլլալու այս երիտասարդական աշխոյժ ծրագրին՝ ֆրանսական գողտրիկ բնութեան գիրկին մէջ։ Այս տարուայ ճամբարը արդէն իններորդն է։
Նոյնպէս հիմնարկի յայտարարութեան համաձայն, «Զարմանազան»ի մանկավարժական սկզբունքն է՝ ստեղծել հայերէնի մէջ ներսուզումի բնական մթնոլորտ մը, որ հիմնուած է ստեղծագործելու եւ մասնակցելու խթանող մօտեցումի մը վրայ։ Կազմակերպիչները միաժամանակ կը յիշեցնեն, որ այս ծրագիրին մասնակցելու համար լեզուական նախագոյ մակարդակ մը չի պահանջուիր։
«Զարմանազան»ը ունի կայքէջ «www. zarmanazan.com», ուր կը կարդանք, թէ մասնակիցները քաջալերուած են նախաձեռնող եւ ինքնավար ըլլալու, միասին ապրելու եւ ստեղծելու ու իրենց կարողութիւնները զարգացնելու։
««Զարմանազան»ի մանկավարժական խմբակին մասնագիտութիւնն է լեզուներու իւրացումը խաղով ու ստեղծարար եղանակներով։ Ուղեկիցները իրենց հմտութիւնները կը կիրարկեն գեղարուեստական, մշակութային, մարզական կամ մանկավարժական մարզերէն ներս։
«Զարմանազան»ը չսկսած իսկ՝ կը կազմակերպուին բոլոր դերակատարները համախմբող առցանց հանդիպումներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները խումբ խումբ խաղերու կը մասնակցին, իրարու կը ծանօթանան, անձամբ հանդիպելէ առաջ», նշուած է կայքէջին մէջ։
Արեւմտահայերէնով այս ճամբարային ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութեան կողմէ։ «Զարմանազան»ը ճամբար ունեցած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ այդ պարագային զայն նոյնպէս վաւերացուած էր Գալիֆորնիոյ իշխանութիւններու կողմէ։
ՈՐՈ՞ՒՆ ՀԱՄԱՐ Է «ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ»Ը
«Զարմանազան»ը բաց է սփիւռքի բոլոր պատանիներուն, երիտասարդներուն եւ ուսուցիչներուն։
«Զարմանազան»ին կրնան մասնակցիլ 10-17 տարեկան երեխաներ եւ պատանիներ։ Տարիքային այս խումբին համար այս տարուայ ճամբարը նախատեսուած է յուլիս 11-օգոստոս 6 թուականներուն միջեւ։
Անոնք ճամբարին մէջ կ՚ունենան հետեւեալ զբաղուածութիւնները․
Երաժշտական արտայայտութիւն
Թատերական եւ բեմադրական արտայայտութիւն
Մարմնային արտայայտութիւն
Կերպարուեստ եւ ձեռային աշխատանքներ
Տեսալսողական ստեղծագործութիւններ
Գրական ընթերցումներ
Փիլիսոփայութիւն
Յայտնաբերումներ (գիտական, աշխարհագրական, եւ այլ․․․)
Ներսի եւ դուրսի խաղեր
Խոհարարութիւն
Մարզական խաղեր
Պատի թերթ
Եւ շատ աւելին...
«Զարմանազան»ին կրնան մասնակցիլ 18-24 տարեկան երիտասարդներ, որոնք հրաւիրուած են «Զարմանազան»ի կազմակերպչական գործունէութեան իրենց ներդրումը բերելու, անոր առօրեայ կեանքին մէջ գործուն դեր մը ստանձնելու եւ եթէ փափաքին՝ պատանիներուն ուղղուած աշխատանոցներէն ներս ուղեկիցներուն հետ գործակցելու։ Անոնց համար այս տարուայ ճամբարը նախատեսուած է յուլիս 8-օգոստոս 8 թուականներուն միջեւ։
Երիտասարդները նոյնպէս ունին տարիքին համապատասխան զբաղուածութիւն՝
Ստեղծարար գրութիւններ եւ գրական ընթերցումներ
Զրոյցներ եւ բանավէճեր
Տեսալսողական ստեղծագործութիւններ
Յայտնաբերումներ
Թատերական եւ մարմնային արտայայտութիւն
Կերպարուեստ եւ ձեռային աշխատանքներ
Փիլիսոփայութիւն
Եւ շատ աւելին...
Կան նաեւ բազմատարիքային աշխատանոցներ։ Կազմակերպիչները կը խոստանան, որ առօրեայ կեանքին բոլոր պահերը միասնաբար կը կատարուին ու կ՚ապրուին։ Աշխատանոցներէն ներս լեզուն ներկայ է իր բոլոր երանգներով։
Եւ վերջապէս՝ ճամբարը ունի նաեւ «Զարմանազան-Ինալքօ» բաժին, որ նախատեսուած է արեւմտահայերէնի ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներուն համար, որոնք կը դասաւանդեն սփիւռքի հայկական վարժարաններու մէջ (Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա եւ Աւստրալիա): Միակ պահանջուած վկայականը Ֆրանսական Պաքալորէան է կամ իրեն համարժէք՝ այլ երկրի երկրորդական ուսումը աւարտած ըլլալու փաստարկ մը: Ուսուցիչներուն համար նախատեսուած ծրագիրը մտայղացուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին եւ «Զարմանազան» ճամբարին հետ:
Նախագիծին հիմնական նպատակն է բարելաւել սփիւռքի հայոց լեզուի ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներուն մասնագիտական կրթութիւնը, զանոնք իրազեկ դարձնելով կրթութեան ժամանակակից մեթոտներուն եւ նրբութիւններուն եւ մղելով մանկավարժական փորձատիպերու քննական վերատեսութեան: Այս ծրագիրը ոչ թէ մագիստրոսական աստիճան է, այլ հայոց լեզուի մասնագէտ ուսուցչին դիրքը բարելաւելու նպատակով՝ կը շնորհէ եւրոպական վարկային միաւորներ (ECTS), որոնք փոխանցելի են լեզուի ուսուցման եւ հայագիտութեան բարձրագոյն ծրագիրներու:
Ծրագիրը կը բաղկանայ չորս շաբաթեայ խտացուած դասընթացքէ մը, որ տեղի կ՚ունենայ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի եւ «Հազար ու մէկ աշխարհ» կազմակերպութեան համատեղ կազմակերպած ստեղծագործական արեւմտահայախօս ամառնային «Զարմանազան» ճամբարի ծիրէն ներս:
Ուսուցիչներու համար նախատեսուած այս ծրագիրը կը յենուի ճամբարին վրայ, որպէս լեզուի ուսուցման նորարական մեթոտներու դաշտ: Անոնց համար կազմուած ծրագրի երկրորդ մասը տեղի կ՚ունենայ հեռակայ կարգով, յաջորդ ուսումնական տարուայ ընթացքին:
Ուսուցման լեզուն արեւմտահայերէնն է, սակայն որոշ դասախօսներ իրենց ներկայացումները կը կատարեն անգլերէնով (կը տրամադրուի թարգմանութիւն):
Սովորաբար ծրագիրը կ՚ընդունի 15 մասնակից: Մասնակիցներուն կը տրուի ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի վկայական՝ «Արեւմտահայերէնի ուսուցում սփիւռքի մէջ» մասնագիտացմամբ։
ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Քանի որ «Զարմանազան»ի մասնակից պատանիները, երիտասարդները Ֆրանսա կը հասնին աշխարհի զանազան կետերէ, «Զարմանազան»ի կազմակերպիչները կարեւոր հարցումներու փունջ պատրաստած են անոնց համար։ Մասնակցութեան սակը Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն մասնակցողներու համար 1000 եւրօ է, Միջին Արեւելքէն մասնակցողներու համար՝ 850 եւրօ, իսկ այլ վայրերէն մասնակցելու պարագային հիմնարկը կը խնդրէ կապ հաստատել։ Սակին մէջ ընդգրկուած են կեցութեան եւ ծրագրի գործադրութեան ծախսերը, լուացքի ծախսերը, Ժընեւի օդակայանին եւ ճամբարի վայրին միջեւ հանրակառքով երթուդարձին ծախսերը, բոլոր շրջապտոյտներուն եւ աշխատանոցներուն ծախսերը, ամբողջական ապահովագրութեան՝ արկածներու եւ վնասներու ծախսերը։ Միւս մանրամասները նշուած են կայքէջին մէջ։
ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ
-Ո՞ր օդանաւային ընկերութիւնը ընտրել։
Անչափահաս մասնակիցներուն համար կը յանձնարարենք՝ աժան թռիչքի ընկերութիւն մը չընտրել։ Անոնք անչափահասներու համար մասնաւոր սպասարկութիւն չունին. եթէ հարց մը ծագի, չենք կրնար միջամտել։
-Անչափահաս զաւակ մը կրնա՞յ առանձին ճամբորդել։
Որոշ տարիքէ մը սկսեալ՝ այո՛, բայց օդանաւային ընկերութիւններն են, որ կ՚որոշեն այդ տարիքը։
«Զարմանազան»ի վերապատրաստութեան ծրագիրին մասնակցող ուսուցիչները երբեմն կրնան յանձն առնել ձեր զաւակին հետ ճամբորդելը։ Եթէ ոմանց համար կարելի ըլլայ այդ, ձեզի կապի մէջ կը դնենք։
-Ո՞ր ժամուն պէտք է հասնիլ։
Ըստ թռիչքներուն եւ անոնց հասնելու ժամերուն, «Զարմանազան»ի անձնակազմը ներկայ պիտի ըլլայ Ժընեւի օդակայանը կամ կայարանը, դիմաւորելու համար մասնակիցները։ Այդ ժամերէն դուրս կարելիութիւն չունինք դէպի կեցութեան վայր տեղափոխութիւնը ապահովելու։
Եթէ օդանաւին մեկնումը կամ ժամանումը ուշանայ, բնականաբար մեր ընկերներն ալ կը մնան մասնակիցին հետ։
-Կարելի՞ է օր մը ուշ հասնիլ կամ օր մը առաջ մեկնիլ։
«Զարմանազան»ը իր յատուկ ժամանակի հասկացողութիւնը ունի եւ օրերը կազմակերպուած են մանրակրկիտ կերպով։ Անկարելի է ուշացումով միանալ ծրագրին, կամ անոր վերջանալէն առաջ մեկնիլ։
-Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան հաղորդակցիլ մասնակից զաւակին հետ։
Մասնակիցները երբ կեցութեան վայրը հասնին, իրենց բոլոր ելեկտրոնային գործիքները կը յանձնեն «Զարմանազան»ի ղեկավարութեան։
Միշտ կարելի է հաղորդակցիլ նամակով կամ իմակով, եւ եթէ կը փափաքիք, թուականներ կ՚որոշուին մասնակիցին հետ հեռաձայնով խօսելու համար։
-Ի՞նչպէս լուր առնել զաւակէն։
Միշտ կարելի է «Զարմանազան»ի անձնակազմին հետ հաղորդակցիլ՝ թէ՛ իմակով եւ թէ հեռաձայնով։
-Ինչպէ՞ս վճարել մասնակցութեան սակը։
Փէյփալով կամ դրամատնային փոխանցումով։ Դրամատան ծախսերը կը վճարեն մասնակիցները։
-Ո՞ր դրամանիշով պէտք է վճարումը կատարել։
Վճարումը կը կատարուի եւրոյով միայն։ Դրամատնային փոխանցումին կամ լումայափոխութեան ծախսերը կը վճարեն մասնակիցները։
-Կարելի՞ է քանի մը անգամէն վճարել։
Այո՛, կարելի է առաւելագոյնը երեք անգամէն վճարել մասնակցութեան սակը։ Առաջին վճարումը կը հաստատէ ձեր մասնակցութիւնը. անոր ուշացումին պարագային ձեր տեղը չենք կրնար ապահովել։
-Արձանագրութիւնը ջնջելու պարագային հատուցում կարելի՞ է ստանալ։
Եթէ որոշէք ձեր արձանագրութիւնը ջնջել, 50 եւրօ նուազ պիտի հատուցուիք։
-Մասնակիցները կրնա՞ն ուտեստեղէն բերել իրենց հետ։
Առողջապահական պատճառներով եւ դիւրազգացութիւն ունեցողները պաշտպանելու համար, «Զարմանազան»ի ամբողջ ընթացքին խստօրէն արգիլուած է որեւէ ուտեստեղէն ներմուծել կեցութեան վայրը։
-Ինչպէ՞ս ապահովել մասնակիցին բժշկական խնամքը՝ եթէ պէտք ունի ան։
«Զարմանազան»ը իր անձնակազմին մէջ ունի բժիշկ մը, որ առաջին միջամտողը կ՚ըլլայ, եթէ մասնակիցը առողջապահական հարց մը ունենայ։
Միայն բժիշկը եւ «Զարմանազան»ի ղեկավարութիւնը կրնան ծանօթանալ մասնակիցի բժշկական տուեալներուն։
-Ի՞նչ ընել, եթէ մասնակիցը դիւրազգացութիւն ունի կամ մասնաւոր սննդականոն մը։
Թէ՛ դիւրազգացութիւնները եւ թէ զանազան սննդականոնները (ինչպէս՝ բուսակերութիւն, եւ այլն) նկատի կ՚առնուին «Զարմանազան»ի ընթացքին։
Անհրաժեշտ է «Զարմանազան»ը տեղեկացնել՝ մասնակիցին բժշկական բոլոր հանգամանքներուն մասին։
-Ծնող մը կամ բարեկամ մը կրնա՞յ մասնակիցին ընկերակցիլ մինչեւ կեցութեան վայրը։
Կեցութիւնը կը սկսի՝ մասնակիցին օդակայանը կամ կայարանը դիմաւորուած պահուն։
Որպէսզի բոլոր մասնակիցները օգտուին նո՛յն պայմաններէն, չենք կրնար արտօնել, որ ծնող մը կամ բարեկամ մը մասնակիցին ընկերակցի մինչեւ կեցութեան վայրը։
-Որքա՞ն գրպանի դրամ պէտք է ունենայ մասնակիցը։
Հետը դրամ բերելը անհրաժեշտ չէ. բոլոր պտոյտները կը մատակարարուին «Զարմանազան»ի կողմէ։ Կրնաք դո՛ւք որոշել գումարը. օրինակի համար՝ 20 եւրոն բաւարար կ՚ըլլայ։
Գրպանի դրամը պէտք է ըլլայ եւրոյով։
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս