image

Նշուած է Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի 100-ամեակը

Նշուած է Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի 100-ամեակը

Քեսապի մէջ, օրերս, հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նշուած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարածքին առաջին հայկական բարձրագոյն դպրոցի`Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի 100-ամեակը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի «Գանձասար»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Կ’ուզե՞ս, որ տղադ բարեկիրթ ըլլայ, գիտուն, պարտաճանաչ ըլլայ… թշուառ չըլլայ տղադ… կ’ուզե՞ս վերջապէս, որ տղադ մարդ ըլլայ…

Զայն դպրոց ղրկէ…

Միթէ կ’արժէ՞ քանի մը գիտութիւններու եւ լեզուներու սիրոյն մոռնալ եւ ուրանալ մեր ազգային աւանդները, որոնց վերի կողմը կը մնայ հայերէն լեզուն»:

Քեսապի Ազգ. Սահակեան նախակրթարանի տնօրէնին այս ճառը 1909 Կիլիկեան ջարդերէն 7 ամիս ետք, ահազանգ կը հնչեցնէ շրջանի կրթական մռայլ վիճակին ու կը դառնայ խթաններէն մէկը հիմնելու ոչ յարանուանական բարձրագոյն վարժարան մը, որուն թեման ազգային արժէքներն են եւ նոր սերունդը օտար ազդեցութենէ հեռու պահելը։ Այդ ճառը կը դառնայ  արգասիքը  հիմնելու Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարածքին առաջին հայկական բարձրագոյն  դպրոցը` Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ երկրորդական վարժարանը, 13 Հոկտեմբեր 1924-ին, որուն յոբելենական հանդիսութիւնը կատարուեցաւ դարը չ’ամբողջացած մէկ օր առաջ` Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Մակար Սրբ. Արք.Աշգարեանի օրհնանքովը՝ Ճեմարանին յատկացուած հանրակառքին, նուիրուած Բերիոյ Հայոց Թեմին կողմէ։

Ապա տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւնը  «Սարդարապատ» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, որուն կ’ընկերակցէին Պատկան մարմինի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ։ Ներկայ էին նաեւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հոգեշնորհ հայր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Քեսապի հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գերապատիւ հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, Քեսապի ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն։

Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Ճեմարանի քայլերգներուն յաջորդող մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` ի յարգանս Ճեմարանի ննջեցեալ ուսուցիչներու յիշատակին, սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը։

Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց Ճեմարանի բարձրագոյն կարգերու հայրենաւանդ ուսուցչուհի, դաստիարակ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու դոկտ. Շողեր Աշըգեան, որ արժեւորեց  կրթական օճախի 100-ամեայ ժամանակահատուածը։

Արաբերէն բացման խօսք ուղղեց Ճեմարանիս տնօրէն Վարուժան Փանոսեան։

Օրուան հանդիսավարներն էին  մանկապարտիզպանուհի Դալար Թութիկեան - Գերպապեան եւ մանկապարտէզի ուսուցչուհի Մարինա Բէնդէզեան- Լնդեան, որոնք հերթականութեամբ բեմ հրաւիրեցին գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացնողները։ Յայտագիրը ընթացք առաւ չորրորդ կարգի տաղանդաւոր աշակերտ Կարօտ Արծիւ Սարգոյի ասմունքով. ան իր մանկական անմեղ շրթներէն հնչեցուց Ժագ Յակոբեանի «Ծրարս» բանաստեղծութիւնը, հմայիչ ներկայացումով եւ բարձրորակ առոգանութեամբ յայտնաբերեց վարժարանիս հայերէն լեզուի բարձր մակարդակը։

Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Ճեմարանի 100 տարուան ամփոփ պատմականի տեսերիզը, պատրաստութեամբ միջնակարգի հայրենաւանդ ուսուցչուհի Սօսի Կարճիկեանի, որուն  յաջորդեց հայկական գեղեցիկ նազպար՝  խումբ մը աշակերտուհիներու եւ շրջանաւարտուհիներու կողմէ։

Այնուհետեւ «Գովք Քեսապի» երգով ելոյթ ունեցաւ Քեսապի սիրուած երգիչ Սեւակ Պետուրեան։

2020 տարեշրջանի «Արամ Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 25-Ամեակի Սերունդ»-էն շրջանաւարտ Ժոզէֆ Արամեան, նուագի ընկերակցութեամբ Էտի Ծիծաղեանի, հանդէս եկաւ տուտուկով եւ զուռնայով: Անոր  տուտուկի թովիչ հնչիւններուն մէջ  խոյացան Քեսապի լեռներուն եւ անառիկ ժայռերուն շունչը, լեռնային գլգլան աղբիւրներուն ու խոխոջուն գետակներուն կարկաչը։

2019 տարեշրջանի «Գաբրիէլ Ինճէճիկեան»  սերունդի շրջանաւարտ եւ Լաթաքիոյ Սրբոց Նահատակաց վարժարանի ուսուցչուհի Շողակ Ղազարեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Ներբող Մայրենի Լեզուին»-ը։

Խումբ մը շրջանաւարտներ եւ աշակերտներ ելոյթ ունեցան հայրենասիրական խմբային երգերով, ղեկավարութեամբ  Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հոգեշնորհ Հայր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի, նուագակցութեամբ Էտի Ծիծաղեանի։

Յայտագիրի ընթացքին ցուցադրուեցան շնորհաւորական խօսքեր՝ ղրկուած Ամերիկայէն Ուսումնասիրաց Միութեան անդամներ Վարուժան Բէնդէզեանի, Արժանապատիւ Տէր Գարեգին Քհնյ. Պէտուրեանի եւ Աւստրալեայէն Նշան Պասմաճեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ ընթերցուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Տնօրէնութեան եւ Խնամակալութեան շնորհաւորագրերը։

Ապա հոգեշնորհ հայր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս  ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.-ի ուղարկած Գիր Օրհնութեան Կոնդակը՝ Ճեմարանի 100-ամեակին առիթով, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս։

 Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Նշան Լնդեան բեմ բարձրանալով ներկայացուց հոգաբարձութեան խօսքը, ապա յիշեց պարգեւատրեալ ուսուցիչ եւ տնօրէններու անուններ` Աբրահամ Կարճիկեան եւ Սօսի Թրթռեան եւ պարգեւատրեալ բարերար եղբայրներ՝ Սեպուհ, Հրաչ եւ Նշան Մանճիկեաններ, Պետրոս Մանճիկեան, եւ եղբայրներ Ծերոն եւ Պետրոս Սաղտճեաններ, Նշան Պասմաճեան, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ -ի Ուսումնասիրաց Միութիւնը, Քանատայի քեսապահայերը, Աւստրալիոյ քեսապահայերը եւ Լիբանանի Ուսումնասիրաց Միութիւնը։

Անոնցմէ ներկայ էին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին ձեռամբ յուշանուէրներ ստացան՝ Ճեմարանի վաստակաւոր նախկին ուսուցիչ, տնօրէն եւ ազգային գործիչ Աբրահամ Կարճիկեան եւ Ճեմարանի մշտական բարերար Հրաչ Մանճիկեան։

Հուսկ, սրբազան հայրը շնորհաւորեց պարգեւատրեալները եւ  իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց դպրոցին մեծ դերը հայապահպանութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչին եւ դպրոցի պատասխանատուին նուիրուածութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիսութիւնը զուգադիպած ըլլալով Թարգմանչաց Տօնին, սրբազան հայրը օրինակ բերաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տքնաջան աշխատանքը եւ  ինքնազոհողութիւնը, որոնց շնորհիւ ան առաջին հայկական դպրոցը հիմնեց Ամարաս վանքին մէջ, որպէսզի հայ ազգը չկորսուի օտար լեզու օգտագործելով։ Ապա նաեւ շեշտեց դպրոցի դերակատարութիւնը գիտութեան կողքին ջամբելով ազգասիրութիւն եւ Աստուածասիրութիւն։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով։

Յոբելենական Հանդիսութեան յաջորդեց ճաշկերոյթի երեկոյ «Սեւան» ճաշարանէն ներս: Երեկոյին  բացման խօսքը արտասանեց Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան։ Ան շնորհաւորեց համայն  քեսապահայութիւնը այս մեծ յաղթանակին համար, որովհետեւ հայ դպրոց հիմնելը աստուածահաճոյ գործ է, իսկ՝ պահելը, զարգացնելն ու  բարգաւաճելը իսկական հերոսութիւն է, որ կը վայելէ խիզախ հայ ժողովուրդին։ Քեսապցին, հակառակ ծանր պայմաններուն, հերոսաբար կրցաւ  պահել իր դպրոցը, որովհետեւ կը հաւատայ, որ Ճեմարանը իր ազգային դիմագիծի անաղարտ պահպանման եւ գոյատեւման միակ կռուանն է։ Ան շեշտեց որ շնորհիւ Ճեմարանին, քեսապահայութիւնը ունի զարգացած սերունդներ, որոնք իրենց հայրերուն եւ  մեծ հայրերուն ջահը շալկած՝ հաւատարիմ կը մնան անոնց կտակին՝  պահելու հայաշունչ այս հողը ի գին ամէն զոհողութիւններու, յամառօրէն աշխատելով վերականգնելու եւ բարգաւաճ դարձնելու Կիլիկիոյ մեր միակ ժառանգութիւնը։ Ան շըշտեց, որ նոր դարասկիզբի սեմին՝ Ճեմարանին հաւատարիմ սերունդները պիտի պահեն իր պատմական արժէքը եւ շարունակեն իր առաքելութիւնը հարիւրաւոր ամեակներ։

Ապա, ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ  Գերաշնորհ Տ. Մակար Արք. Եպս. Սրբ Աշգարեանի եւ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի հոգաբարձութեան ատենապետ  Նշան Լնդեանի կատարուեցաւ կարկանդակի հատումը։

Առաջին 100-ամեակի աւարտին, թեւակոխելով երկրորդ 100-ամեակը մաղթենք, որ Ճեմարանը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ մարմնացնէ Լուսաւորչի Եւ Մաշտոցի Կանթեղը, պահպանելով Քեսապի բնաշխարհի  ազգային դիմագիծը եւ սրբութիւն սրբոց հայերէն լեզուն։