image

Ռուսիոյ տարածքը ԱԹՍ-ներու յարձակման ենթարկուած է. ժամանակաւորապէս դադրեցուած են թռիչքները

Ռուսիոյ տարածքը ԱԹՍ-ներու յարձակման ենթարկուած է. ժամանակաւորապէս դադրեցուած են թռիչքները

Ռուսիոյ տարբեր մարզերու մէջ վաղ առաւօտեան անօդաչու թռչող սարքերով հերթական յարձակումը իրականացուած է: Այս մասին յայտնած են ռուսական լրատուամիջոցները։

Քուրսքի մարզին մէջ ԱԹՍ-ի հարուածի հետեւանքով վնասուած է մէկ շէնք։ Քուրսքի նահանգապետ Ռոման Սթառովոյթը նախ յայտնած էր, որ «երկու ուքրանական անօդաչուներ յարձակում գործած են Քուրչաթով քաղաքի վրայ»։ Այնուհետեւ, ճշգրտուած տեղեկութիւններով, ան յայտնած է, որ երկրորդ ԱԹՍ չէ եղած:

Պելկորոտի մարզի նահանգապետ Վեաչեսլաւ Կլատքովը նոյնպէս իր Telegram ալիքի միջոցաւ յայտնած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ինքնաթիռային տիպի ԱԹՍ խոցած են։ Ըստ նախնական տուեալներու՝ տուժածներ եւ աւերածութիւններ չկան։

Անօդաչուի յարձակման մասին յայտնած է նաեւ Մոսկուայի քաղաքապետ Սերգէյ Սոպեանինը։ Ըստ պաշտօնեայի՝ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը կանխած են յարձակման փորձը Լիւպերցի քաղաքի մօտակայքը։ Տուժածներ եւ աւերածութիւններ չկան։

Այս յարձակման լոյսին տակ «Ռոսավիացիա»-ն յայտնած է որ Մոսկուայի օդակայանները ժամանակաւորապէս դադրեցուցած են օդանաւերու մեկնումն ու ընդունումը՝ «քաղաքացիական օդանաւերու թռիչքներու անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով»։ Այժմ Մոսկուայի բոլոր երեք օդակայանները եւ «Ժուքովսքի» օդակայանը կ'աշխատին բնականոն ռեժիմով։