image

Ռուսիոյ մէջ. Օդանաւի արկած, զոհերուն մէջ է «Վակնէր»ի առաջնորդ՝ Փրիկոժինը

 Ռուսիոյ մէջ. Օդանաւի արկած, զոհերուն մէջ է «Վակնէր»ի առաջնորդ՝ Փրիկոժինը

Մոսկուայի մերձ եղող շրջանին մէջ եղած օդանաւու ծանր արկած մը գրաւեց լրահոսին գլխաւոր տեղը։

Կը նշուի, որ Ռուսիոյ մէջ եղած արկածին հետեւանքով զոհուած են անձեր, որոնց մէջ եղած է «Վակներ» ռազմական միաւորման առաջնորդ՝ Եւկենի Փրիկոժինը

Լուրը առաջինը հաստատեց «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը նշելով նաեւ, որ Փրիկոժին վերջին անգամ տեսնուած էր Ափրիկէի մէջ, ուր ան տեսանիւթով մըն ալ հանդէս եկած էր ու պատմած ռազմական իրադրութեան մասին (չ՚ըսուիր Փրիկոժինի տեսանիւթին նկարահանած վայրը)։

«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ շուրջ 2 ամիսներ առաջ Փրիկոժին  ապստաբած էր երկրի ղեկավարութեան դէմ ու քանի մը շրջաններու մէջ «ռազմական յեղափոխութիւն» իրականացնել։