image

Ռուսիոյ մէջ. Նոր մարտակոչ պիտի չըլլայ

Ռուսիոյ մէջ. Նոր մարտակոչ պիտի չըլլայ

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով բացասական պատասխան տուած է այն հարցին, թէ արդեօք կը քննարկուի Ռուսիոյ մէջ նոր մարտակոչ կատարելու հաւանականութիւնը։ Այս մասին ան ԹԱՍՍ-ին ըսած է Արեւելեան տնտեսական ժողովին։

«Նման քննարկումներ չկան»,- ըսած է Փեսքով։

Ռուսիոյ մէջ մասնակի մարտակոչ տեղի ունեցած է 2022 թուականի սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր ամիսներուն։ Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ այս ընթացքին զօրակոչուած է աւելի քան 300,000 մարդ։ 2023 թուականին, ինչպէս հաղորդած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, պայմանագիրով Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժեր ընդունուած է 500,000 մարդ։ 2024 թուականի առաջին կիսամեակին պայմանագիր կնքած է 190,000 մարդ։

Նախագահ Վլատիմիր Փութին յունիսի կէսերուն ըսած էր, որ ռազմական գործողութեան գօտիին մէջ մօտ 700,000 ռուս զինուորական կայ։